Ձեռներէցութեան աշխարհի գաւաթի (ՁԱԳ) դիմումները բաց են հիմա

Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի (ՀԱՀ) Ձեռներէցութեան եւ նորարարական արհեստագիտութիւններու կեդրոնը (EPIC) կը յայտարարէ Ձեռներէցութեան աշխարհի գաւաթ 2022-ի ազգային փուլի (Entrepreneurial World Cup – EWC) դիմումներու բացումը:

EWC-ն ձեռներէցութեան աջակցութեան համար նախատեսուած մրցոյթներէն ամենամեծն է: 2019 թուականին իր մեկնարկէն ի վեր EWC-ը աջակցած է 200 երկիրներէ աւելի քան 300.000 մասնակիցի, շնորհած է 2 միլիոն տոլարի մրցանակներ եւ տրամադրած 150 միլիոն տոլար արժողութեամբ աջակցութիւն եւ ծառայութիւններ:
Հայաստանի ազգային մրցոյթին մրցանակները կը գերազանցեն 100.000 տոլարը։

EPIC-ը Հայաստանի պաշտօնական գլխաւոր կազմակերպիչն է, որ կը համագործակցի Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութեան, GIZ Հայաստանի, Startup Armenia հիմնադրամի, Նորարարութեան եւ ձեռներէցութեան ազգային կեդրոնի (NCIE), Թումօ աշխատանոցներու եւ TEAM Telecom Armenia-ի հետ:

Անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ EWC Armenia 2022-ին, միջոցառման մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնայ այցելել մրցոյթի կայքէջը եւ առցանց գրանցուիլ:

https://panarmenian.net/m/eng/news/301065

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *