Ատրպէճանի կողմէ Արցախի անօրինական շրջափակման մարդկային գինը

Մէկ շաբաթէ աւելի է, որ Արցախի բնակչութիւնը կը շարունակէ մնալ ատրպէճանական ցեղասպանական շրջափակման մէջ:
Ատրպէճանը կը շարունակէ արգելափակած պահել Բերձորի միջանցքը, որ Արցախը Հայաստանին եւ աշխարհին կապող միակ ճանապարհն է։
120.000 բնակչութիւն, 30.000 երեխայ, 20.000 տարեց եւ 9.000 հաշմանդամ:
Արգիլուած է սննդամթերքի, բժշկական կամ ուժանիւթակիրներու մուտքը Արցախ,
1 բժշկական օգնութեան կարիք ունեցող ծանր հիւանդ արդէն մահացած է,
1 չորս ամսու երեխայ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ՝ վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ է,
11 հիւանդներ վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ են,
4 հիւանդներու վիճակը ծանր է,
10 երեխաներ ծանր վիճակի մէջ՝ վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ են,
92 հիւանդներ հիւանդանոցային բուժում կը ստանան:

Արցախի մէջ մահացած ծանր հիւանդը հնարաւոր չէ եղած տեղափոխել Երեւան՝ Ատրպէճանի կազմակերպած շրջափակման պատճառաւ: Հիւանդը, ով աւելի քան 15 տարիներ երիկամներու լուացման ենթարկուած է, ստիպուած եղած է տեղափոխուիլ այլ բժշկական կեդրոն։
Արցախի «Արեւիկ» հիւանդանոցի տնօրէն Կարէն Մելքումեանը ըսաւ, որ արդէն 2 օր առաջ 4 ամսու երեխան պէտք է տեղափոխէին Հայաստան՝ բուժուելու, սակայն ատրպէճանական շրջափակման պատճառաւ չեն կրցած իրականացնել զայն։
«Այդ իսկ պատճառաւ մենք բուժումը իրականացուցինք այստեղ՝ խորհրդակցելով Երեւանի մեր գործընկերներուն հետ։ Նոյնիսկ եթէ բացուի ճանապարհը, հարց է՝ թէ արդեօք ա՛լ աւելի ծանր վիճակի մէջ գտնուող երեխան պիտի կարենա՞ր յաղթահարել այդ հեռաւորութիւնը, թէ ոչ»,- նշեց Մելքումեանը։

https://www.instagram.com/p/CmW63wmvmLZ/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *