Թուրք-ատրպէճանական զօրավարժութիւններ Իրանի սահմանին երկայնքով

Թուրքիան եւ Ատրպէճանը համատեղ զօրավարժութիւններ իրականացուցին Իրանի հետ Ատրպէճանի սահմանին երկայնքով, յայտնած է Ատրպէճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Ատրպէճանական «Trend» լրատուական ծառայութիւնը նկարագրած է զօրավարժութիւնները «որպէս յստակ ուղերձ Իրանի իշխանութեան, որ կ’օգտագործէ Ատրպէճանի դէմ սպառնալիքներու հռետորաբանութիւնը՝ կրկին ցուցադրելով երկու եղբայրական երկրներու բանակներուն հզօրութիւնն ու արհեստավարժութիւնը»։
Հոկտեմբերին՝ Իրանը լայնածաւալ զօրավարժութիւններ սկսած էր Ատրպէճանի հետ սահմանին վրայ՝ Իրանի եւ Ատրպէճանի միջեւ լարուածութեան լոյսի ներքոյ, որ կը բխէր Պաքուի կողմէ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-էն, որ Նախիջեւանը կը կապէ ցամաքային Ատրպէճանին:
Թեհրանը յայտարարեց, որ դէմ է Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանը փակելու որեւէ փորձի:
Առաջարկուող երթուղին կ’անցնի Արաքս գետին երկայնքով, որ կը ծառայէ որպէս Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ միջազգային սահման: Գետը կը կազմէ նաեւ Իրան-Ատրպէճան սահմանին զգալի մասը։

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *