Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Փառատօներու եւրոպական միութեան 70-ամեակի գագաթնաժողովը

Փառատօներու եւրոպական միութեան 70-ամեակի Արուեստներու փառատօներու գագաթնաժողովը տեղի պիտի ունենայ 12-էն 15 Սեպտեմբեր 2022-ին Երեւանի մէջ:

70 տարի առաջ զուիցերացի գրող եւ փիլիսոփայ Տենիս Ռուկեմոնտ եւ ուքրանացի խմբավար Իկոր Մարքեւիչ մեկնարկեցին Փառատօներու եւրոպական միութիւնը որպէս խաղաղութեան նախագիծ, երկխօսութեան հարթակ, յոյսի ու հաշտութեան արտայայտութիւն:

Հիւրընկալուելով Երեւանի հեռանկարներու միջազգային երաժշտական փառատօնին կողմէ՝ գագաթնաժողովը կը նշէ փառատօնի կազմակերպիչներուն եւ շահագրգիռ կողմերուն միջեւ միութեան յաջորդ տասնամեակի առաջին համատեղ քայլը: Քաղաքապետներ, քաղաքային խորհուրդի անդամներ, գործարար համայնքի ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ, լրագրողներ եւ ուրիշներ հրաւիրուած են՝ միաւորուելու արուեստի եւ արուեստի փառատօներու զօրեղ ուժին շուրջ եւ հնարաւորութիւն տալու Եւրոպայի քաղաքացիներուն՝ իրենց դերակատարութիւնը ունենալու Եւրոպայի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ անոր դիրքի յառաջխաղացման գործին մէջ։ Հրաւիրուած են փառատօնի 200 կազմակերպիչ, ինչպէս նաեւ քաղաքներու ներկայացուցիչներ, պետական անձինք, արուեստագէտներ եւ լրատուամիջոցներ՝ բաժնեկցելու իրենց մտածումները, մտահոգութիւնները, կարիքներն ու գեղարուեստական առաջարկները:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *