Ամրապնդել երկխօսութիւնը, հաւատքն ու վստահութիւնը

Հայկական աշխարհին մէջ միասնական նպատակի անհրաժեշտութիւնը յաճախ շեշտուած է, յատկապէս ներկայ գոյութենական ճգնաժամին: Հետեւաբար Սփիւռքի ու Հայաստանի մեր հազարամեայ ժողովուրդին ուժն ու հմտութիւնները ներդաշնակացնելը կ'ենթադրէ հիմնարար դեր: Հայերը կը վերայայտնաբերեն իրենց դիմադրողականութիւնը ճակատագրի որոշակի պահու՝ 2020 թուականի աշնան 44-օրեայ պատերազմէն եւ անոր ծանր հետեւանքներէն ետք:

Իրենց պատմութեան ընթացքին հայերը կրցած են վերափոխել իրենք զիրենք՝ հաւատարիմ մնալով հիմնարար արժէքներու: Ժամանակը եկած է վերադառնալու մեր պատմութեան եւ կեդրոնանալու մեր ազգին ու պետութեան հիմնական առաջնահերթութիւններուն՝ հետապնդելով իրատեսական նպատակներ: Մեր գոյապատճառը վերանայելու կամքը ոչ այլ ինչ է, քան գիտակից ընտրութիւն՝ պատմական պարտականութեան փոխարէն, քանի հայերը մարդկութեան մէկ մասն են, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս, քան ուրիշ ժողովուրդներ:

Հիմնուելով վերոյիշեալ սկզբունքներուն վրայ՝ սփիւռքեան ութ երկիրներէ, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն յարգուած հայերու խումբ մը հաւաքուեցան Փարիզի մէջ 18-19 Յունիս 2022-ին՝ DiasporArm-ի եւ Conseil Français-Arméniens-ի հրաւէրով: Մասնակիցները կը ներկայացնէին բացառապէս իրենք զիրենք: Հաւաքոյթին նպատակն էր ստեղծել ընդգրկուն ու քաղաքականապէս չէզոք մարմին մը, որ կ'իրականացնէ քննարկումներ փնտռտուքի ու խորհումի, այնպիսին, որ վստահութիւն կը ներշնչէ եւ կ'օգնէ աւելի լաւ ընկալելու աշխարհացրիւ հայութեան այն մարտահրաւէրը, որոնց պէտք է բախիլ՝ հաւաքականօրէն երաշխաւորելու մեր ժողովուրդի ապագան եւ անոր ձայնը դարձնելու լսելի դարձնելու ի սփիւռս եւ ի հայրենիս:

Մասնակիցները կը շեշտեն Հայաստանի Հանրապետութեան հետ երկխօսութիւն հաստատելու խիստ հրամայականը Սփիւռքի մասնակցութեան շուրջ՝ առ ի աջակցութիւն հայկական պետութեան ու Արցախին: Այս մէկը կարելի է ընել համախմբելով առկայ միջոցները, այդ կարգին՝ Սփիւռքի հիմնական կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ գործակցութեանց հիման վրայ ապագայ սերունդներուն հեռանկարը տալով հայ ազգի վերածնունդին:

Երկօրեայ հանդիպումին մասնակիցները քննարկեցին Հայաստանի անվտանգութեան, հայրենադարձութեան (նաեւ արհեստավարժ), անմիջականօրէն հայկական շահերուն վերաբերող աշխարհաքաղաքական շրջանակներու մէջ լոպիիստական խումբերու ազդեցութեան, սփիւռքահայ ուսանողներու միջեւ կապի հաստատման, ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով միջոցներու զարգացման վերաբերող հարցեր: Բնապահպանական մարտահրաւէրներ եւ ջուրի խնդիրներ նոյնպէս եղած են քննարկման կիզակէտին: Վերջապէս մասնակիցները անդրադարձան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն շուրջ յառաջիկայ գագաթնաժողովին, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի իրականացնէ Սեպտեմբեր 2022-ին Երեւանի մէջ:

Մասնակիցները մտադրութիւն յայտնեցին վերստին հանդիպելու 2022-ի աշնան՝ հետեւելու այս կէտերուն եւ որոշելու նախատեսուող զարգացման ուղղուած ստոյգ քայլեր:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *