«Ազրպէյճանի նախագահի յայտարարութիւնը հայերու նկատմամբ ցեղասպան քաղաքականութեան ապացոյց է» - դատաւոր

diasporarm-reports-azerbaijani-presidents-statement-a-proof-of-genocidal-policy-against-armenians--ombudsman

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան մեկնաբանել է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնը, որ Ազրպէյճանի ընդհանուր հեռատեսիլի (Azerbaycan Televiziyası) տուած իր հարցազրոյցին ընդմէջէն խօսեցաւ Հայաստանի ամբողջ բնակչութեան մասին` ուժի եւ պատերազմի բացայայտ սպառնալիքներով: Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին՝ խոսեցաւ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք» ստեղծելու եւ Հայաստանի բնակչութեան վտարելու մասին՝ անկախ Հայաստանի կամքէն: Ազրպէյճանի նախագահը նաեւ նշեց. «Բոլոր ուժերը զօրաշարժի ենթարկուած են ծրագիրը կեանքի կոչելու համար: Այսպիսով, 101 տարի ետք ազրպէյճանական ժողովուրդը կը վերադառնայ գրաւելու Զանգեզուրը»: «Ակնյայտ է, որ Ազրպէյճանի Նախագահի ապրիլ 20-ի հարցազրոյցը ցեղասպան քաղաքականութեան ապացոյց է, ան կը պարունակէ Հայաստանի ամբողջ բնակչութեան ահաբեկում, ինչը միջազգային օրենսդրութեամբ բացարձակապէս արգիլուած է: Այս ամեն կը կատարուի պատմական փաստերու բացայայտ աղավաղմամբ, ներկայացնելով Զանգեզուրը՝ որպէս ազրպէյճանական պատմական տարածք», - յայտարարեց Արման Թաթոյեան: Լուրը ամբողջութեամբ կարդալու համար տե՛ս «ArmenPress»-ի յօդուածի ստորեւ նշուած հղումը:

https://armenpress.am/eng/news/1049701.html

ԿԻՍՎԵԼ

Թողնել մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվի։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *

Պատասխանել

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *-ով