Որոնում
Close this search box.

«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի նախաձեռնութիւնները Հայաստանի Արմաւիր մարզին մէջ

Initiatives in Armenia's Armavir Region by Children of Armenia Fund

«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի՝ գիւղերու անխնամութեան խնդիրը լուծելու առաքելութիւնը արմատներ ունի Արմաւիրի մարզին մէջ եւս: Պէտք է ըսել, որ Քարակերտ գիւղի վատ պայմանները մղեցին ամերիկահայ գործարար Կարօ Արմէնը հիմնելու սոյն հիմնադրամը 2003-ին:

18 տարուան ընթացքին հիմնադրամի նորարարական ծրագիրներն ու ենթակառուցուածքային նախագիծերը փոխեցին 107.000 հոգիի կեանքը՝ Հայաստանի 6 քաղաքներու 64 գիւղերու տարածքին, ընդհանուր առմամբ 50 միլիոն տոլար ներդրումով:

10 Սեպտեմբեր 2021-ին հիմնադրամը բացաւ Մանկական եւ ընտանեկան ծառայութիւններու կեդրոնը Հացիկ գիւղին մէջ: Այս քայլին ձեռնարկելով՝ ՀՄՀ-ը կը ձգտի ընկերա-հոգեբանական աջակցութիւնն ու նախադպրոցական կրթութիւնը գիւղական կեանքի անբաժանելի մասը դարձնելու:

Մէկ ուրիշ յատկանշական երեւոյթ է Գետաշէն դպրոցի՝ Արմաւիրի մէջ միակ մարզասրահի լայնածաւալ վերանորոգումը, որ աւարտեցաւ Հոկտեմբեր 8-ին:

Մինչ նոր մարզասրահը պիտի բարձրացնէ ՀՄՀ-ի պասքեթպոլի ծրագիրին եւ Գետաշէնի մէջ ֆիզիքական կրթութեան որակը, «ՍՄԱՐԹ քաղաքացի» յաւելուածը զարկ պիտի տայ հիմնադրամի կրթական ծրագիրներու արդիւնաւէտութեան եւ զանոնք պիտի դարձնէ աւելի հասանելի՝ Արմաւիրի եւ այլ շահառու շրջաններու տարածքին, կատարողութեան դիտարկումի, պարզացուած հաղորդակցութեան եւ ուսման փոխազդեցիկ ձեւերու միջոցով:

https://www.coaf.org/en/

ԿԻՍՎԵԼ

Թողնել մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվի։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *

Պատասխանել

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *-ով