Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չավուշօղլու երեքշաբթի օր ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի փափաքած քայլը`ճանչնալու Օսմանեան կայսրութեան կողմր 1915-ին հայերու զանգուածային սպանութիւնները որպէս ցեղասպանութիւն, ալ աւելի պիտի վնասէ NATO-ի դաշնակիցներու արդէն լարուած կապերը: Թուրքիայ կ'ընդունի, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող շատ հայեր սպանուեցան Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին օսմանեան ուժերու հետ բախումներու ժամանակ, բայց կը վիճարկէ թիւերը եւ կը հերքէ որ սպանութիւնները համակարգուած կերպով կազմակերպուած են, եւ կը մերժեն զայն «ցեղասպանութիւն» կոչել: Սպանութիւններու ոգեկոչումները ամբողջ աշխարհի շուրջ կը կատարուին իւրաքանչիւր ապրիլ 24-ի: Տասնամեակներ շարունակ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող միջոցները, որոնք կանգ առած են Միացեալ Նահանգներու Գոնկրես, երկրի բոլոր նախորդ նախագահները ձեռնպահ մնացած են այդպիսի անուանում տալով` նկատի ունենալով անոնց Թուրքիոյ հետ սերտ յարաբերութիւններուն, անոնց հետ հարց ունենալու մտավախութիւններէն, ինչպէս նաեւ Անքարայի կողմէ զորաւոր լոպիյինկէն: Չավուշօղլու, «Haberturk» հեռատեսիլին հետ տուած իր հարցազրոյցին, Պայտընը այդ սպանութիւնները պիտի ճանչնա՞յ որպէս ցեղասպանութիւն թէ ոչ հարցումին պատասխանելով, ըսաւ որ Միացեալ Նահանգները «պետք է հարգեն միջազգային իրաւունքը»: Լուրը ամբողջութեամբ կարդալու համար տե՛ս «Reuters»-ի յօդուածի ներքեւի հղումը: