Ստորեւ ներկայացուած են Յովէլ Շնորհօքեանի համապարփակ 40 վայրկեանանոց զեկոյցին առանցքային կէտերը Հայաստանի ներկայ իրավիճակին մասին: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Զուիցերիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ վերջերս ունեցած հանդիպումներուն պարզած պատկերէն, Շնորհօքեան համարձակօրէն կ՚անդրադառնայ այն հարցերուն, որոնցմէ մարդիկ ընդհանրապէս կը խուսափին, նաեւ ներկայացնելով փաստագրուած բացայայտումներ՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի հետ իր 25-ամեայ փորձառութենէն մեկնելով:
Շնորհօքեան բացայայտօրէն կը քննադատէ վարչապետը՝ անոր անյստակութեան, լսելու անկարողութեան, եւ ներկայանալի լսարանին հանդէպ արհամարհական եւ վիրաւորական կեցուածքին համար: Սակայն, ան նաեւ կ՚ընդունի որ վերջին վեց տարիներուն ընթացքին, վարչապետը զգալիօրէն բարելաւած է Հայաստանի տնտեսութիւնը, աւելի քան կրկնապատկելով միջին եկամուտը ու կառավարութեան պիւտճէն, եւ գրեթէ եռապատկելով պաշտպանութեան պիւտճէն, եւ որ իրականութենէն անտեղեակ եւ հեռատեսութենէ զուրկ ընդդիմադիր առաջնորդներուն համեմատ, Փաշինեան, իր բոլոր թերութիւններով հանդերձ, կը մնայ երկրին ներկայիս միակ վստահելի առաջնորդը:
Շնորհօքեան առանձնայատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ ժողովրդագրական մարտահրաւէրին, որ կը ներկայացնէ գոյութենական սպառնալիք բազմաթիւ ազգերու համար: Ան կ՚ընդգծէ Արցախի խոցելիութեան խնդիրը, ուր բնակչութեան նօսրութիւնը, 10 մարդ քառակուսի քիլոմեթրի վրայ, մեծապէս նպաստած է անոր տկարացման: Աղիւսակներու եւ թիւերու վրայ հիմնուելով, ան կը վկայակոչէ Իսրայէլի վերաբնակեցման փորձառութիւնը եւ Չինաստանի Շենժենի քաղաքային զարգացման օրինակները՝ առաջարկելով Հայաստանի վերաբնակեցման իրատեսական ծրագիր մը:
Ան ցաւով կ’արձանագրէ, որ իրարայաջորդ հայկական կառավարութիւնները անպատասխանատու գտնուած են, եւ 1990-ականներէն ի վեր բազմաթիւ քաղաքական ոսկեայ առիթներ փախցուցած են: Շնորհօքեան նաեւ կը մատնանշէ սփիւռքի դերը այս ձախողութեան մէջ՝ քննադատելով զայն փտածութեան մէջ թաթխուած կառավարութիւններուն «ծափահարելու» համար՝ զանոնք հաշուետու պահելու փոխարէն:
Իր զեկոյցը եզրափակելով, Շնորհօքեան կը պնդէ, որ բուն խնդրոյ առարկան վարչապետը չէ, այլ նոյնինքն՝ սփիւռքը, որ չէ կրցած համակարգուիլ եւ իր լիարժէք ներուժը օգտագործել: Ան կը յորդորէ՝ բարձրանալ բաժանումներէն վեր եւ իմաստութեամբ ու միասնաբար օգտագործել մեր տարբերութիւնները, ըլլան ատոնք դիրքերու եւ ազդեցութեան, թէ ցանցայնութեան, ազգին շահերը յառաջ մղելու համար:
Շնորհօքեան կ՚աւարտէ գործնական քայլեր առնելու կոչ ուղղելով՝ հայցելով աջակցութիւն ըլլայ միջոցով, թէ՛ գործերով: Ան կը խոստանայ շուտով ներկայանալ մանրամասն ճանապարհային քարտէսով եւ գործնական լուծումներու առաջարկներով՝ նշեալ հարցերուն գծով: