Երեւանի մէջ Silicon Mountains գագաթնաժողովը տեղի պիտի ունենայ 19 Նոյեմբեր 2021-ին

"Նոյեմբեր 19-ին Մատենադարանին մէջ տեղի կ'ունենայ Silicon Mountains 2021 միջազգային արհեստագիտական գագաթնաժողովը, որ նուիրուած է տնտեսութեան մէջ խելացի լուծումներու կիրարկութեան: Արդէն երկրորդ անգամ միջոցառումին կազմակերպիչն է Տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւններու գործատուներու միութիւնը։ Գագաթնաժողովի ծիրէն ներս կը քննարկուին խելացի լուծումներու կիրարկման եւ տնտեսութեան թուայնացման հեռանկարները։ «Silicon Mountains-ը Սիլիքոնեան հովտին մեր համարժէք պատասխանն է՝ դեռ միայն գագաթնաժողովի տեսքով: Ան կը խօսի մեր դիրքաւորումին մասին, թէ ուր կը ցանկանք ըլլալ արհեստագիտական համաշխարհային քարտէզին վրայ՝ ցոյց տալով մեր երկիրը որպէս ճարտարագիտական բարդ լուծումներ առաջարկող եւ արտահանող երկիր: Հայաստանի ամենակարեւոր խնդիրներէն է երթալ թուային լուծումները աշխուժօրէն կիրարկելու եւ արտահանելու ուղղութեամբ: Մենք աշխարհին մէջ կրնանք մրցակցային ըլլալ միայն որակեալ ճարտարագէտներու առկայութեան պարագային»,– նշած է ՏՀՏ գործատուներու միութեան գործադիր տնօրէն Էդուարդ Մուսայէլեան: Գագաթնաժողովին մաս կը կազմեն հանդիպումներ ղեկավարներու հետ եւ բաց քննարկում: Ամբողջական լուրը կարդալ «panarmenian.net»-ի մէջ՝

https://panarmenian.net/m/eng/news/296711

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *