Հայաստան յայտարարած է, որ պիտի մասնակցի 2021 թուականին կայանալիք «Մանկական Եւրատեսիլ» երգի մրցոյթին: Ըստ Հայաստանի հանրային հեռարձակողին՝ Մալենան Փարիզի մէջ պիտի կատարէ «Քամի, քամի» երգը: Երաժշտութիւնը յօրինած է Դաւիթ Պատալեան, բառերուն համահեղինակներն են՝ Վահրամ Պետրոսեան, Դաւիթ Պատալեան, Մալենա եւ Դաւիթ Ծերունեան: «Մանկական Եւրատեսիլ» երգի մրցոյթը կը կայանայ 2021 թուականի Դեկտեմբեր 19-ին Փարիզի La Seine Musicale-ի մէջ: Ամբողջական նիւթը կարելի է կարդալ «armradio.am»-ի մէջ՝