Փետրուար 2-3-ին Տուպրովնիկ քաղաքը (Խորուաթիա) նշեց իր հովանաւոր սուրբին՝ ծագումով հայ սուրբ Վլասի 105-ամեակը: Ձեռնարկները տեղի ունեցան Տուպրովնիկի օրուան ծիրէն ներս: Երեւելի ներկաներու շարքին էին Խորուաթիոյ նախագահը, խորհրդարանի անդամները, քաղաքապետները, տասնեակ մը դեսպաններ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Յովակիմեան:
Սուրբ Վլաս հայ եպիսկոպոս ու բժիշկ է, որ ապրած է Սեբաստիա (Սվազ, Թուրքիա) 4-րդ դարու սկիզբը: Իր նահատակութենէն ետք ան մեծարուած է որպէս համաքրիստոնէական սուրբ: Դարեր ետք հայ եպիսկոպոսը դարձած է հովանաւոր սուրբ եւ Տուպրովնիկ քաղաքի պաշտպանը:
Իր արձանները կը գտնուին քաղաքին մէջ ամէնուր, իսկ դիմանկարը՝ քաղաքի դրօշին վրայ: Սուրբ Վլաս եկեղեցւոյ մէջ պահած են սուրբին գլուխը, ինչպէս նաեւ ոսկորներ անոր կոկորդէն, ձեռքերէն ու ոտքէն: Տուպրովնիկի մէջ ամէն մարդ գիտէ, որ իրենց Սուրբ Վլասը հայ եղած է:
Ամբողջական նիւթը՝ «Armradio.am»-ի մէջ՝