Search
Close this search box.

ԱՄՆ-ի մանկավարժներու աշխատանքային մեծագոյն միութիւնը բաժնած է Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդման ուղեցոյց

Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով Ազգային կրթութեան միութեան աւելի քան 3 միլիոն անդամ ստացաւ տեղեկատուական թերթիկ մը եւ թուային ուղեցոյց մը, թէ ինչպէ՛ս անոնք կրնան ընդգրկել Հայոց ցեղասպանութեան թեման իրենց դասարաններուն մէջ:

Ազգային կրթութեան միութիւնը աշխատանքային մեծագոյն միութիւնն է ԱՄՆ-ի մէջ, որ կը ներկայացնէ պետական վարժարաններու ուսուցիչներ եւ համալսարանի դասախօսներ՝ ունենալով աւելի քան 14 000 համայնք ԱՄՆ-ի տարածքին:

Ուղեցոյցը մանկավարժները կ'առաջնորդէ Ամերիկայի Արեւմտեան ափի Հայ դատի յանձնախումբի կրթական կոմիտէի կայքէջը՝ առաջարկելով տարիքի համապատասխան ուսուցման աղբիւրներ, գիրքեր, ֆիլմեր եւ տեսանիւթեր: Ուղեցոյցը կ'ընդգծէ ցեղասպանութեան ժխտման դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը:

Երբ 2019-ին ԱՄՆ քոնկրէսը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ան խրախուսեց ցեղասպանութեան փաստերու դասաւանդումն ու հանրային ըմբռնումը:

Որպէս այս նպատակին ուղղութեամբ ձեռնարկուած կարեւոր քայլ՝ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը աշխատեցաւ մշակել Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդման կանոնադրութիւնը, որուն շուրջ հաւաքուեցաւ 40 համահովանաւոր, եւ որ հակուած է հինգ տարուան ընթացքին 10 միլիոն տոլարի ֆինանսաւորում յատկացնելու Քոնկրէսի գրադարանին՝ Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդման համար:

Ամբողջական նիւթը կարելի է կարդալ «Asbarez.com» կայքէջին մէջ՝

https://asbarez.com/national-education-association-distributes-teaching-guide-on-armenian-genocide-to-over-3-million-members/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *