Search
Close this search box.

Տիեզերքը՝ բոլորին համար. Հայաստան պիտի մասնակցի միջազգային տիեզերագնացութեան 73-րդ համաժողովին

Հայաստան միասնական տաղաւարով պիտի մասնակցի միջազգային տիեզերագնացութեան համաժողովին: Բարձր արհեստագիտութիւններու նախարարութիւնը ներկայիս կ'ընդունի մասնակցութեան յայտեր: Նշենք, որ համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Փարիզի մէջ Սեպտեմբեր 18-22:

«Տիեզերքը՝ բոլորին համար» խորագրեալ ցուցահանդէսը եւս տեղի պիտի ունենայ համաժողովի ծիրէն ներս: Ան բաց է տիեզերական ոլորտին մէջ գործող կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ բարձր արհեստագիտական ձեռնարկութիւններու համար, որոնք կրնան իրենց գործունէութիւնը ընդլայնել տիեզերական ոլորտին մէջ:

Ամբողջական լուրը կարելի է կարդալ «Հայաստանի հարնային ռատիոկայան»-ի մէջ՝

https://en.armradio.am/2022/07/26/space-for-all-armenia-to-participate-in-73rd-international-astronautical-congress/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *