Երեւանի պետական համալսարանի 5 կենսաբաններէ կազմուած խումբ մը հիմնած են «MiCoFe» գործարկումը, եւ սկսած են վերամշակել տարբեր տեսակի օրկանական թափօններ։ Սուրճի թափօններ օգտագործելով՝ երիտասարդ հետազօտողները ստեղծած են մշակաբոյսերու աճը խթանող օրկանական պարարտանիւթեր:
«MiCoFe» նախագծի նպատակներէն մէկն է` թափօններու վերամշակումէն ստանալ արժէքաւոր նիւթեր։ Այս նկատառումով՝ նախագիծը մասնակցած է «AgriTech» գիւղատնտեսական նախագծերու մրցոյթին եւ գրաւած է առաջին դիրքը: Անոնք հաստատած են նոր կապեր. նախագիծը դարձած է «ACBA» դաշնութեան «Նորարարական գիւղատնտեսութեան աջակցութիւն» ծրագրի շահառուն, եւ մասնակցած է «Impact Hub Yerevan»-ի հետ համատեղ իրականացուող գործարարական աճման միամեայ ծրագրին։