Search
Close this search box.

Պէտք է դառնանք մէկ բռունցք, եւ ոչ արձակ մատներ. դժբախտաբար, գագաթնաժողովը համահայկական չէր

Վիեննայի հայ համայնքի գործունեայ հասարակական գործիչ, Համահայկական խաղերու գործադիր կոմիտէի անդամ եւ շարք մը հայկական ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւններու հիմնադիր Սեպուհ Պաղտոյեանը «Առաջին լրատուական»-ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ գագաթնաժողովէն ակնկալիքները մեծ են, եւ ազգին պահանջները հետզհետէ կը մեծնան: Ան շնորհաւորեց «Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողով 2022»-ի կազմակերպիչները՝ նշելով, որ անիկա շատ լաւ եւ արհեստավարժ ձեւով կազմակերպուած էր, սակայն նկատել տուաւ, որ ցանկալի պիտի ըլլար, որ անիկա կրէր համահայկական եւ ոչ թէ հայկական բնոյթ, որովհետեւ քաղաքական կուսակցութիւններու ու հոգեւոր կառոյցներու ներկայացուցիչները ներկայ չէին։ Պարոն Պաղտոյեանը մեծ կարեւորութիւն կու տայ համատեղ աշխատանքին, եւ որպէս միասնական ցանց գոյութիւն ունենալուն։ Ան կը ներկայացնէ «Miatsir.net» առցանց հարթակը, ուր աշխարհի տարբեր կողմերէ բոլոր ոլորտներու հայերը (21 դասակարգերու մէջ) կրնան կապ հաստատել եւ հաղորդակցիլ իրարու հետ:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *