Եւրոպան կը ձգտի բազմացնել իր ուժանիւթային աղբիւրները, յատկապէս՝ վառելանիւթը: Մինչ ռուսական ծորակը փակ է, Եւրոպան 30 տոկոսով աւելի վառելանիւթ գնած է Ատրպէճանէն, երբ վերջինս Հայաստանի հետ լիարժէք հակամարտութեան մէջ է:
«Չորս ճշմարտութեան» տուած իր հարցազրոյցին մէջ եւրոպացի երեսփոխան Ֆրանսուա Զաւիէ Պելամին ըսաւ. «Ես ամիսներ շարունակ կ’ըսէի, որ այս իրավիճակը կը սրի: Մի քանի քաղաքական հոսանքներու մեր գործընկերներուն հետ հրապարակեցինք յայտարարութիւն մը՝ դատապարտելու համար այս իրավիճակը։ Մի քանի շաբաթ առաջ, վերջին յարձակման ընթացքին, տեղի ունեցան բացարձակապէս խայտառակ պատերազմական յանցագործութիւններ։ Մենք իրաւունք չունինք՝ պատճառաբանելով ռուսական վառելանիւթի կախուածութենէն ազատելու հանգամանքը, դիմել մէկ այլ բռնապետութեան, որ անմարդկային պատերազմներ կը մղէ՝ ռազմական յանցագործութիւններ իրականացնելով»։