Ստրազպուրկի քաղաքապետարանը Հայաստանի դրօշը ծածանած է՝ ի նշան համերաշխութեան Հայաստանի հետ։
Արարողութեան ներկայ գտնուած են Ստրազպուրկի քաղաքապետ Ժաննա Բարսեղեանը եւ Եւրոպական Խորհուրդի Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արման Խաչատրեանը։
Նոյեմբեր 7-ին Ստրազպուրկի քաղաքային խորհուրդը ընդունած է Ատրպէճանի յարձակումը դիմակայելու Հայաստանին նեցուկ կանգնելու առաջարկը։ Եւ ի նշան համերաշխութեան՝ որոշուած է Հայաստանի դրօշը ծածանել քաղաքի վարչական կեդրոնէն ներս։