Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի յայտարարութիւնը Թուիթէրի վրայ.
«Բերձորի միջանցքը մէկ օրուընէ աւելի փակ պահելէ ետք, Ատրպէճանը դադրեցուցած է վառելանիւթի մատակարարումը։ Աւելի քան 120.000 արցախահայեր, ներառեալ՝ 30.000 երեխաներ, վտանգուած են եւ մնացած առանց ջեռուցման: Արցախը կրնայ մարդասիրական աղետի առջեւ յայտնուիլ: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է համապատասխանաբար արձագանգէ՝ աղետը կանխելու համար»: