Դեկտեմբեր 14-ին, աշխատանքային այցելութեամբ Նոր Եօրքի մէջ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպեցաւ Հնդկաստանի նախարար Սուպրահմանիամ Ճայշանքարի հետ։
Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ համագործակցութեան յետագայ խորացման առնչեալ հարցեր, եւ բարձր գնահատեցին հայ-հնդկական յարաբերութեանց զարգացման ընթացքը։ Այս առումով՝ անոնք կարեւորեցին բարձր մակարդակով պաշտօնական փոխայցելութիւններու դերը։
Հանդիպման ընթացքին՝ քննարկուեցաւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր։ Նախարար Միրզոյեանը իր գործընկերոջը ներկայացուց Ատրպէճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի՝ Բերձորի միջանցքի շրջափակման եւ դեկտեմբեր 12-էն ի վեր Ատրպէճանի կողմէ վառելանիւթի մատակարարումը դէպի Արցախ դադրեցման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։ Հայաստանի դիւանագէտը ընդգծեց Ատրպէճանի՝ արցախահայութիւն ցեղային զտման ենթարկելու շարունակական քաղաքականութեան անթոյլատրելիութիւնը։
Նոյն օրը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ՄԱԿ-ի գլխաւոր գրասենեակէն ներս մասնակցեցաւ Մահաթմա Կանտիի արձանի բացման պաշտօնական արարողութեան։