Դեկտեմբեր 25-ին, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ) 10 թոն պարենամթերք եւ դեղորայք առաքած է Արցախ, յայտնեց ԿԽՄԿ հայաստանեան պատուիրակութեան Հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունին։
Աւելի վաղ, Կարմիր խաչը յայտնած էր, որ դեկտեմբեր 24-ին Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած էր չորս ամսու ծանր հիւանդ երեխայ մը։ Վերադարձի ճանապարհին, կողմերուն համաձայնութեամբ, որոշակի քանակութեամբ դեղորայք պիտի տեղափոխուէր։
Արցախի Հանրապետութիւնը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը փակ է դեկտեմբեր 12-էն ի վեր, երբ ատրպէճանցիները կեղծ բնապահպանական օրակարգով փակեցին զայն։