«Forbes»-ը Հայաստանը ընդգրկած է 2023 թուականին ճանապարհորդելու ամէնէն հետաքրքրական զբօսաշրջային ուղղութիւններու ցանկին վրայ։ Նիւթին մէջ շարադրուած է հետեւեալը.
Ո՞ւր ուղեւորուիլ 2023 թուականին:
Հայաստանը գեղեցիկ երկիր մըն է՝ հարուստ պատմութեամբ եւ մշակոյթով։ Անիկա հիանալի բնապատկերներու բնօրրան է, ներառեալ՝ Կովկասեան լեռներն ու Սեւանայ լիճը, ինչպէս նաեւ հնագոյն ճարտարապետական հրաշալի կոթողները, ինչպիսին են Գառնիի հեթանոսական տաճարը եւ Հաղպատայ վանքը, որոնցմէ մի քանին ընդգրկուած են Եունեսքոյի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ: Եւ եթէ բացօթեայ բնութեան սիրահար էք, ապա կրնաք վայելել այնքան արշաւներ, որքան կամենաք՝ Անդրկովկասեան արահետի 861 քիլոմեթրով (535 մղոն), որ կ’անցնի Հայաստանէն:
Երկիրը յայտնի է նաեւ իր համեղ խոհանոցով, որ կը պարունակէ թարմ խոտաբոյսերու տեսականի եւ համեմունքներ: եթէ ուտելիքի սիրահար էք, ապա չէիք ուզեր փախցնել հայկական խաշը ճաշակելու առիթը (ոսկրային արգանակ), սարմայ (լիցք՝ խաղողի տերեւներով), մանթը (մսախմոր) եւ հարկաւ տնական թթու վարունգը ամէն ճաշին կից։
Երեւանի մէջ կան մի քանի միջազգային հիւրանոցներու ցանցեր, որոնք կարելի է դիւրաւ ամրագրել արտերկրէն: