«Մանթաշեանց»-ը գործարարներու համահայկական միութիւն մըն է, որ իր ծածքին տակ կը միաւորէ աշխարհի աւելի քան 350 հայ գործարարներ: Անոր մասնաճիւղերը տարածուած են 8 քաղաքներու մէջ. Երեւան, Գիւմրի, Արցախ, Լոռի, Լոս Անճելոս, Տուպայ, Մոսկով եւ Կրասնոտար։
Միութեան նպատակն է՝ ժողվել աշխարհի տարբեր ծայրերէն եկած հայերը, օգնել ամրապնդելու հայկական գործարար կապերը եւ հասնիլ տնտեսական զարգացման՝ «Մենք» աւելի ուժեղ ենք, քան «ես» կարգախօսով։
«Մանթաշեանց»-ը կ'իրականացնէ տարեկան աւելի քան 500 միջոցառում, որոնց կէսէն աւելին կրթական են եւ կը վարեն որակեալ հայ եւ միջազգային մասնագէտներ։
Յունուար 14-15-ին, Համպուրկի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Մանթաշեանց Համպուրկ»-ի մասնաճիւղի բացումը, որուն հրաւիրուած են Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը, տնտեսութեան փոխնախարար Ռաֆայէլ Գէորգեանը, Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վիքթոր Ենկիպարեանը, միութեան նախագահ Վահրամ Միրաքեանը, ինչպէս նաեւ «DiasporArm» հարթակի հիմնադիր Յովէլ Շնորհօքեանը։
Հայաստանէն շուրջ չորս տասնեակ գործարարներ պիտի մասնակցին համաժողովին եւ պիտի հանդիպին եւրոպական այլ երկրներու, ներառեալ՝ Զուիցերիոյ, Ֆրանսայի եւ Լիւքսեմպուրկի գործարարներու հետ։
Այս տարի միութիւնը նախատեսած է մասնաճիւղեր բանալ Աթենքի, Լոնտոնի, Թեհրանի եւ Փարիզի մէջ՝ աշխարհի շուրջ գործարար կապերը աւելի ամրապնդելու նպատակաւ: