Վաքըֆ գիւղը միակ բնակավայրն է, որ երկրաշարժէն չէ տուժած

Աղեքսանդրետի ծովախորշի տարածաշրջանը զարկած փետրուարեան երկրաշարժներու շղթային եւ յետցնցումներուն հետեւանքով՝ Թուրքիոյ մէջ աւերուեցան շարք մը քաղաքներ ու գիւղեր, գետնին հաւասարեցան շէնքեր ու շինութիւններ, արձանագրուեցաւ տասնեակ հազարաւոր մարդկային զոհեր: Սակայն զարմանալիօրէն Օսմանեան կայսրութենէն մազապուրծ եղած եւ ցայսօր գոյատեւած Թուրքիոյ միակ հայկական՝ Վաքըֆ գիւղին մէջ ո՛չ մէկ աւերածութիւն արձանագրուած է: Տեղւոյն հայ բնակիչները վկայեցին, թէ ո՛չ մէկ շէնք կամ շինութիւն փուլ եկած է, նոյնպէս ալ՝ ոչ մէկ մարդկային զոհ արձանագրուած է:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *