Մարո Կորքիի թոսքանեան գունազարդ երազային տան ներսը. իսկական արուեստի գլուխգործոց մը

Թոսքանեան գիւղական տան մէջ արուեստագէտներ Մարո Կորքին եւ ամուսինը՝ Մատթէո Սպենդէրը կ’ապրին եւ կ’աշխատին՝ 1968 թուականէն ի վեր։ Զոյգին պոհեմեան ազնուական դասակարգին պատկանիլը անվիճելի է։ Ան ամերիկահայ նկարիչ Արշիլ Կորքիի դուստրն է, իսկ ամուսինը՝ ճանչցուած բանաստեղծ եւ գրաքննադատ պարոն Ստեփան Սպենդէրի որդին։ Անոնց տունը գրաւած է որոշ անուանի գրողներու, արուեստագէտներու, դերասաններու եւ ֆիլմ արտադրողներու ուշադրութիւնը։ Անոնց աւագ դուստրը՝ Սասքիան, խեցեգործ է, իսկ կրտսերը՝ Քոզիման, ֆիլմահան է:
Այս տան կայունութիւնը առաւել ոգեշնչող կը դառնայ, երբ նկատի առնենք Մարոյի ծանր մանկութիւնը: 1948 թուականին, երբ ան հինգ տարեկան էր, հայրը անձնասպան կ’ըլլայ։ Մարոն եւ իր կրտսեր քոյրը՝ Նաթաշան որբանոց կ’ուղարկեն Զուիցերիոյ մէջ։ Ան ի վերջոյ կը յայտնուի Լոնտոնի Սլէյտ գեղարուեստի ուսումնարանը, ուրկէ եւ շրջանաւարտ կ’ըլլայ 1965 թուին:
Մարոն կ’ըսէ, որ Սիենայէն դէպի հիւսիս կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող գիւղական այս տունը կիսաւեր վիճակի մէջ եղած է, երբ զայն գնած են 55 տարի առաջ: Ան տարիներ շարունակ գծագրած ու նկարած է՝ իր դէմն ունենալով Թոսքանայի գիւղական բնավայրը: Անոր նկարչութեան մէջ խարսխուած են ծառերու եւ բլուրներու երկրաչափական պատկերները, քարէ պատերը եւ դաշտերու որթատունկերուն ցուպերը. պատկերներ, զորս երթալով աւելի վերացական ոճի դարձած են՝ Մարոն տարիքը առնելուն զուգահեռ:

https://www.ft.com/content/e311c25e-9f9a-4b53-919c-5ebd95ad0554

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *