Կրթութիւն

Սփիւռքահայերու կլոր սեղանը ((ՍԿՍ), որ տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ՝ 2022 թուականի յունիսին, հաւաքելով անկախ մտաւորականներ, մանկավարժներ, ձեռներէցներ ու երիտասարդներ՝ քննարկելու սփիւռքի մարտահրաւէրներն ու կարիքները, հանգեցաւ հետեւեալ առաջարկներուն. նախ եւ առաջ՝ ծառայել իբրեւ համակարգող գոյութիւն ունեցող կազմակերպութեանց, եւ ոչ թէ ինքնին դառնալ նոր կազմակերպութիւն, երկրորդ՝ հրաւիրել տարբեր ոլորտներու փորձագէտներ ՝ առաջարկելու ազգին կարիքներու համապատասխան փոխակերպող յստակ նախագիծեր: Եւ վերջապէս, կազմակերպել երկրորդ կլոր սեղան մը, ուր ներկայացուած նախագիծերը պիտի դասուին ըստ առաջնահերթութեան, եւ մասնակցութեան կը հրաւիրուին շահագրգիռ կազմակերպութիւնները:

Մեկնելով միտոյթէն՝ մայիս 15-ին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որ համախմբեց այնպիսի ազդեցիկ կառոյցներ, ինչպիսին են «ՀԲԸՄ»-ը, «ԱՀԱԸ»-ը, «ՔՈԱՖ»-ը, «ՀՕՖ»-ը, «Ապագան հայկակական»-ն ու Թուֆենկեան հիմնադրամը: Այս կազմակերպութիւնները իրենց գործուն մասնակցութիւնը բերին եւ բաժնեկցեցան կրթութեան, տնտեսական զարգացման, առողջապահութեան եւ շահերու պաշտպանութեան ոլորտներու ընդհանուր մարտահրաւէրները համատեղ դիմակայելու իրենց հեռանկարները:

Այնուհետեւ Յովէլ Շնորհօքեանը Պէյրութի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ «ՀԲԸՄ»-ը, Համազգայինը, Մեսրոպեան եւ Աւետարանական վարժարաններու կեդրոնական վարչութիւններու կամ ներկայացուցիչներու հետ։ Հանդիպումներուն նպատակն էր համագործակցութեան հող ստեղծել ուսումնական ծրագրի, գիրքերու եւ առցանց ծրագիրներու ընդլայնման ուղղութեամբ:

Հիմք ընդունելով կրթութեան ոլորտի շահագրգիռ կողմերուն հետ մեր լայնածաւալ քննարկումները՝ կ՚առաջարկենք հետեւեալը.

ԿՐԹԱԿԱՆ ՆԱԽԱԳԻԾ

Նախապատմութիւն

Խորհրդային Հայաստանն առաջնահերթություն էր տալիս գիտությանը և տեխնոլոգիային իր կրթական համակարգում՝ վերջինս հատկապես առաջիններից դարձնելով STEM՝ (Գիտություն, Տեխնոլոգիա, Ճարտարագիտություն, Մաթեմատիկա-ԳՏՃՄ) ոլորտների զարգացման մեջ ամբողջ ԽՍՀՄ-ի շրջանակներում: Խորհրդային Միության փլուզումից հետո Հայաստանը զգալի տնտեսական և սոցիալական մարտահրավերների առաջ է կանգնել, որոնք հանգեցրել են կրթության որակի և մշակութային չափանիշների անկմանը:

Սփիւռքի մէջ՝ Մերձաւոր Արեւելքի ժամանակակից դպրոցները, որոնք կերտած են յաջողակ սերունդներ, հասանելի չեն Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ Ռուսիոյ հայերուն, ուր կ’ապրին հայութեան 60 տոկոսը:

Աւելին, ի տարբերութիւն մինչեւ 1980 թուականներու արտագաղթին, «Նոր Սփիւռքը» քաոսային կերպով շարժեցաւ դէպի Արեւմուտք՝ ցրուելով տարբեր երկրներու մէջ, եւ յաճախ շրջաններու մէջ, ուր համայնքային կառոյցներ գոյութիւն չունին։ Այնտեղ՝ պատանիներու հեռանկարները, որոնց ծնողները յաճախ լաւ համարկուած չեն ըլլար նոր հասարակութեան մէջ, կը ձեւաւորուին անկանխատեսելի գործօններով եւ հանգամանքներով:

Կարիքներու գնահատում

  1. Չափորոշիչներու անկումը, մեծածաւալ ուսումնական ծրագրի բացակայութիւնը, հնացած գործիքներն ու արհեստագիտութիւնը, հայ երիտասարդութեան շրջանակէն ներս, յանգեցուցած են կրթական միջակ հիմքերու:
  2. Ներուժի եւ նորարարական դասաւանդման մեթոտներու սահմանափակ հասանելիութեան պատճառաւ` հայ երիտասարդները չեն կրնար օգտագործել իրենց ողջ ներուժը ներկայի կրթական համակարգէն ներս:
  3. Սփիւռքի հայ ուսանողները զրկուած են հայոց պատմութիւն, ու մշակոյթ սորվելու եւ գիտակ հայկական ինքնութիւն կառուցելու կարելիութիւնէն:
  4. Ուսանողները յաճախ իրենց մասնագիտական կողմնորոշումը կը հիմնեն գերակշռող հոսանքներու վրայ՝ յաճախ անտեսելով իրենց ընտրութիւնը ազգին ռազմավարական կարիքներուն եւ շահերուն համապատասխանեցնելու կարեւոր կողմը:

Նպատակ

Ընդհանուր

  1. Զարգացնել ազգային ինքնութեան եւ պատկանելիութեան գիտակցութեան ընդհանուր զգացումը աշխարհասփիւռ հայութեան մէջ՝ միացնելով Հայաստանը, աւանդական եւ նորաստեղծ սփիւռքը: Ասիկա կը ներառէ հայկական ժառանգութեան նկատմամբ հպարտութեան աւելի խոր զգացումի զարգացումը, ինչպէս նաեւ միջմշակութային փոխանակման եւ համագործակցութեան խթանումը՝ ամրապնդելու կապերը ողջ աշխարհի հայերուն միջեւ:
  2. Աշխարհին տալ հայերու այնպիսի սերունդներ, որոնք կ’ըլլան հասարակութեան մէջ յաջողակ եւ ազդեցիկ անդամներ՝ յարգուած իրենց արժէքներուն համար: 
  3. Խթանել այնպիսի արժէքներ, ինչպիսին են քաղաքացիական ներգրաւուածութիւնը, պարկեշտութիւնը, բնապահպանութիւնը եւ ընկերային խնդիրներու դէմ պայքարը, ինչպիսին են անառողջ ապրելակերպը, ընտանեկան բռնութիւնը եւ ընտրելական վիժումը:
  4. Խթանել մասնագիտութիւններու հաւասարակշռումը մանկավարժներուն, գիտնականներուն, դիւանագէտներուն, ազատ մասնագէտներուն, առեւտրականներուն եւ արուեստագէտներուն միջեւ:

Սփիւռք

  1. Սփիւռքի առցանց եւ առկայ ուսուցման համար մշակել կամ որդեգրել հիմնական ուսումնական ծրագիր՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն լեզուներով:
  2. Զարգացնել ազգային պատկանելիութեան զգացումը։
  3. Ստեղծել եւ յետագաին զարգացնել առցանց ուսուցման հարթակներ, որոնք՝
    1. կը փոխանցեն հայոց լեզուն, գրականութիւնը եւ մշակոյթը,
    2. կը տրամադրեն այլ դասանիւթերէն (լեզուներ, թուաբանութիւն, բնագիտութիւն, տարրաբանութիւն, ծրագրաւորում եւ այլն) գիտական աջակցութիւն (կողմնորոշում, ուսուցում, առաջնորդում) անհատներու եւ խումբերու համար:

Մեթոտաբանութիւն

Ծրագիր

  1. Բացայայտել, հաւաքագրել հիմնական կրթական շահակիցներուն ծրագիրները, լաւագոյն փորձը, գործիքները, մեթոտները, դասաւանդման նորարարական մեթոտները եւ բաժնեկցիլ զանոնք։
  2. Մշակել չափանիշային ուսումնական ծրագիր, որ հասանելի կ’ըլլայ առցանց եւ առկայ տարբերակներով:
  3. Բացայայտել, հաւաքագրել եւ վերապատրաստել մանկավարժները՝ խրախուսելու եւ ոգեշնչելու ուսանողները՝ ինչպէս առցանց, այնպէս ալ առկայ տարբերակներով:

Տեսածրագիրներ

  1. Մշակել տեսանիւթեր եւ համացանցային ալիքներ՝ գիտելիքներ փոխանցելու եւ արժէքներ խթանելու համար։
  2. Բացայայտել գոյութիւն ունեցող կրթական տեսածրագիրները եւ հրատարակիչները:
  3. Սահմանել տեսածրագիրներու յատկորոշումները՝ հիմնուած բնանիւթի, տարիքային խումբի եւ լեզուի վրայ:
  4. Համագործակցիլ արտադրողներու հետ՝ բովանդակութիւնը ստեղծելու համար:

Կառավարում

  1. Գնահատել տարեհաշիւն ու ժամանակացոյցը՝ իւրաքանչիւր նպատակի համար՝ սահմանելով յստակ նշաձողեր եւ վերջնաժամկէտներ:
  2. Կատարել «SWOT» վերլուծութիւն՝ հնարաւոր վտանգները իմանալու եւ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար:
  3. Ապահովել մշտական հաղորդակցութիւն հիմնական կրթական շահակիցներուն հետ՝ լաւագոյն փորձը եւ գործիքները հաւաքելու եւ բաժնեկցելու համար:
  4. Կազմակերպել հանդիպումներ՝ գիտելիքներու փոխանակումը դիւրացնելու համար։
  5. Բացայայտել գործընկեր արտադրողները եւ բանակցութիւններ վարել տեսածրագիրներու արտադրութեան համար:

«DiasporArm»-ը նպատակ ունի ի շարժ դնելու սփիւռքի զգալի հասանելի ներուժը, համակարգելու անոր գործողութիւնները, աջակցելու նախաձեռնութիւններու եւ ստեղծելու համագործակցութիւն ցանցերու միջոցաւ:

«DiasporArm»-ի առաքելութիւնն է համախմբել համախոհ անհատները եւ կազմակերպութիւնները՝ ինչպէս Հայաստանէն ներս, այնպէս ալ Հայաստանէն դուրս՝ համաշխարհային հայկական շահերը յառաջ մղելու, ազգին անվտանգութիւնը ամրապնդելու եւ հայ ժողովուրդին անվտանգութիւնն ու բարգաւաճումը ապահովելու նպատակաւ։

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *