Վերածնունդ

Հայաստան տակաւին կը հանդիսանայ արեւելք-արեւմուտք, հիւսիս-հարաւ կարեւոր խաչմերուկը, ուր ռուսն ու ամերիկացին հանգիստ կը զգան։ Օժտուած ըլլալով հազարամեակներու քաղաքակրթութեամբ` ան տակաւին ունի հմուտ ժողովուրդ։
Եթէ պահպանած ըլլայինք երեք բարոյական արժէքներ՝ պարկեշտութիւն, խոնարհութիւն եւ եղբայրասիրութիւն, այսօր Հայաստան կ'ունենար ութ միլիոն բնակչութիւն, ներառեալ երկու միլիոն օտարներ էքսփաթներ, որոնք Հայաստան պիտի գաղթէին, ինչպէս կը գաղթեն Դուբայ՝ տեղւոյն տնտեսական նպաստաւոր դրութենէն։
Հայաստան պէտք է փայլէր իր մշակոյթով, պէտք է ըլլար տնտեսական, նաեւ կազատար եւ իւղատար խողովակներու խաչմերուկ:
Այսուհանդերձ՝ մենք կը վերածնինք եւ կը վերականգնինք։
Հոս կարդացէ՛ք բաց նամակը՝ ուղղուած ազգի պայծառ մտքերուն և առաջատար ուժերուն։

Ժառանգութիւն

1664 թուականին Ֆրանսայի Լուի XIV թագաւորի օրօք պետական նախարար Քոլբեր հիմնեց ադամանդի և թանկարժէք քարերու առեւտրական «Հնդկա-ֆրանսական» ընկերութիւնը (compagnie des Indes) եւ տնօրէն նշանակեց Նոր Ջուղայէն հայազգի Մագարա Աւանչինզը ։ Այն ժամանակ այդ մէկը բնական երեւոյթ էր․ արդարեւ, հայերը ճանչցուած էին որպէս վստահելի վաճառականներ Եւրոպայի մէջ՝ 11-րդ դարէն սկսեալ, երբ անոնք հիմնեցին Մետաքսի ճանապարհը Ասիայի և Եւրոպայի միջեւ: 12-րդ դարուն հայ առեւտրականները արդէն կը կազմէին 10%-ը Վենետիկի բնակչութեան, որ այդ ժամանակ Միջազգային առեւտուրի կեդրոնն էր, ինչպէս է Դուբայը այսօր:
Հնդկաստանի մէջ հայերը կ՛անուանուէին «վաճառական իշխաններ»։ Հնդկահայ իշխաններէն Լորտ Փոլ Խաչիկ Չաթերը բրիտանական թագի «գոհար»-ի՝ Հոնկ Քոնկի գլխաւոր հրահրող ճարտարապետն էր: Ութ տարեկանէն որբացած՝ ան իր նախաձեռնութիւնը զերոյէն տարաւ հսկայ կայսրութեան: Լորտ Չաթերը ստեղծեց մեծ բարեգործական կազմակերպութիւններ, որոնց շնորհիւ Կալկաթայի Սուրբ Նազարէթ հայկական եկեղեցին եւ Մարդասիրական ակադեմիան տակաւին գործուն են անոր ծննդավայրին մէջ: Կալկաթային եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին աջակցելէն անկախ՝ Լորտ Չաթերը նպաստած է նաեւ իր յաճախած ֆրանսական La Martinier դպրոցներուն, որոնց աշակերտները մինչեւ օրս ամէն առաւօտ կը շարուին եւ Փոլ Չաթերի հոգիի հանգստեան համար կ՛աղօթեն: Երեւելի հայերուն մեջ կայ նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեանը, որ բրիտանացիներուն վստահութիւնը ունենալով՝ կայսրութիւն մը կառուցեց, Քըրք Քըրքորեանը, որ Լաս Վեկասի «ճարտարապետն» դարձաւ...

Lord Paul Khachik Chater

Հայաստան տակաւին կը հանդիսանայ արեւելք-արեւմուտք, հիւսիս-հարաւ կարեւոր խաչմերուկը, ուր ռուսն ու ամերիկացին հանգիստ կը զգան, տակաւին օժտուած է հազարամեակներու քաղաքակրթութեամբ, տակաւին ունի հմուտ ժողովուրդ, որ ճկունութեամբ կը բանակցի արաբին եւ պարսիկին հետ: Այս տուեալներով՝ այսօր Հայաստան պէտք է ունենար ութ միլիոն բնակչութիւն, ներառեալ երկու միլիոն օտարներ էքսփաթներ, որոնք Հայաստան պիտի գաղթէին, ինչպէս կը գաղթեն Դուբայ՝ օգտուելու տեղւոյն նպաստաւոր տնտեսական դրութիւնէն. Հայաստան պէտք է փայլէր իր մշակոյթով, ըլլար խաղարարը Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ, տակաւին Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ, պէտք է ըլլար տնտեսական, նաեւ կազատար եւ իւղատար խողովակներու խաչմերուկ:
Ուրեմն, ինչպէս պատահեցաւ որ անցեալի փառքէն ինկանք այս ահաւոր, խղճալի վիճակին մէջ: Դարմանում փնտռելէն առաջ կարեւոր է ունենալ ճիշդ ախտաճանաչում:

«Օրէնքներու Գիրք»-ը

«Յովսիա ութը տարեկան էր, երբ Հրէից թագաւոր եղաւ։ Իր թագաւորութեան տասնութերորդ տարին ան հրամայեց իր քարտուղար Սափանին վերանորոգել Տիրոջ տաճարը:
Վերանորոգման ընթացքին գործաւորները տաճարին մէջ գտան «Օրէնքներու գիրքը», եւ զայն յանձնեցին Սափանին, որ գիրքը առնելով թագաւորին տարաւ ու բարձրաձայն կարդաց թագաւորին ներկայութեան: .
Ու թագաւորը «Օրէնքներու Գիրք»-ին խօսքերը լսածին պէս իր հանդերձները պատռեց եւ ըսաւ՝ «Տէրը պէտք է բարկացած ըլլայ մեզմէ որովհետեւ մեր հայրերը այս գիրքին խօսքերուն հնազանդած չեն»։
Թագաւորը մարդ ղրկեց եւ երկրի բոլոր երէցները իր քով հաւաքուեցան։ Թագաւորն ու ամբողջ ժողովուրդը պզտիկէն մինչեւ մեծ Տիրոջը տունը գացին եւ հոն ուխտի գիրքին բոլոր խօսքերը անոնց առջեւ կարդաց։ Եւ թագաւորը սիւնին քով կեցաւ ու Տիրոջը առջեւ ուխտ ըրաւ, որ այն գիրքին մէջ գրուած ուխտին խօսքերը հաստատելու համար Տիրոջը ետեւէն երթայ եւ անոր պատուիրանները, վկայութիւններն ու կանոնները բոլոր սրտով ու բոլոր հոգիով պահէ։ Բոլոր ժողովուրդը ուխտին հաւանութիւն տուաւ։» (Դ Թագավորաց 22:3)

Ահա թէ ինչու ինկած ենք այս ահաւոր վիճակին մէջ:
Կորսնցուցած ենք մեր կողմնացոյցն ու «Օրէնքներու գիրքը»՝ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ: Հոս կը խօսինք ոչ հաւատքի կամ կրօնքի, այլ մարդկային եւ բարոյական արժէքներու մասին, որոնք կը սահմանեն հայկական ինքնութեան եւ բարի համբաւի չափանիշները: Ի՞նչն է որ կը զանազանէ հրէական եւ մահմետական ծագումով երկու անհաւատ իսրայէլցիներ, եթէ ոչ այն արժէքներն ու մշակութային ժառանգութիւնը, որ անոնք ստացած են իրենց ծնողներէն, որոնք յաճախ կը բխին իրենց համապատասխան «Գիրքերէն»: Հայկական արժէքներն ու մշակութային ժառանգութիւնը, որոնք ձեւաւորած են Դաւիթ Անյաղթ, Անանիա Շիրակացի, Ներսէս Շնորհալի եւ ուրիշներ, մեծապէս ոգեշնչուած են մեր «Գիրք»- էն։

Արժէքներէ անդին՝ մեր «Օրէնքներու գիրք»-ին մէջ կան նաեւ իմաստուն խօսքեր, որ, ափսոս, կորսնցուցած ենք-

  1. Ազգը առանց տեսլականի կը կործանի, Բայց յաղթանակը կը ստացուի խորհրդականներու բազմութեամբ ։ (Առակաց 11:14)
  2. Վասնզի ձեզմէ ո՞վ աշտարակ մը շինել ուզելով, առաջ չնստիր ու հաշիւ ընէր ծախքը, թէ զանիկա լմնցնելու կարողութիւն ունի՞ որ չըլլայ թէ երբ հիմը ձգէ ու չկրնայ լմնցնել, բոլոր տեսնողները սկսին զանիկա ծաղր ընել»։ (Ղուկաս 14:28)
  3. Կամ թէ ո՞ր թագաւորը ուրիշ թագաւորի մը հետ պատերազմելու երթալով, առաջ չնստիր ու խորհիր, թէ արդեօք տասը հազարով կրնա՞յ դէմ կենալ անոր՝ որ քսան հազարով իր վրայ կու գայ։ Ապա թէ ոչ՝ քանի որ անիկա հեռու է, դեսպան ղրկելով խաղաղութիւն կը խնդրէ»։

Պառակտումներ

Վերոյիշեալ արժէքներու փլուզման հետեւանքներէն մէկը մեր պառակտումներն են: Մեր կառոյցները կը բաժնեն: Կամ Անթիլիասական ես, կամ Էջմիածնական: Կամ Բարեգործականական, կամ Դաշնակցական: Կարելի չէ երկուքն ըլլալ․ իսկ եթէ մէկուն հետ ես, հաճախ կը հակառակիս միւսին:
Այսուհանդերձ՝ հոս պէտք է անդրադառնալ վերոյիշեալ կառոյցներու էականութեան, առանց որոնց Սփիւռքի ներկայ գոյութիւնն իսկ հարցական կ՛ըլլար: Սակայն ներկայիս հրամայական է միանալ, մէկ սեղանի շուրջ նստիլ, համագործակցիլ թէ՛ հայրենիքի մէջ, թէ՛ Սփիւռք:
Եթէ ոչ այսօր, հապա ե՞րբ:

Ապաշխարութիւն

Արդ Տէրը այս կ՛ըսէ Լաւոդիկէի Եկեղեցիին –
«Գիտեմ քու գործերդ, որ ո՛չ պաղ ես ու ո՛չ տաք. երանի՜ թէ պաղ ըլլայիր կամ տաք։ Ուստի դուն որ գաղջ ես ու ո՛չ տաք՝ ո՛չ ալ պաղ, քեզ բերնէս դուրս փսխելու վրայ եմ։ Քանզի կ’ըսես. «Ես հարուստ եմ ու մեծցայ եւ բանի մը կարօտ չեմ»։ Բայց չես գիտեր թէ դուն խեղճ ու թշուառական ես եւ աղքատ ու կոյր ու մերկ։ Ես քեզի խորհուրդ կու տամ. Ինձմէ կրակի մէջ փորձուած ոսկի ծախու առ, որպէս զի հարստանաս ու ճերմակ հանդերձներ՝ որպէս զի հագնիս, որպէս զի քու ամօթալի մերկութիւնդ չերեւնայ եւ աչքերուդ դեղ դիր, որպէս զի տեսնես։ Ես իմ ամէն սիրածս կը յանդիմանեմ ու կը խրատեմ. ուստի նախանձախնդիր եղի՛ր ու ապաշխարէ՛։ Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն»։ (Հայտնութիւն 3:15-18)

Միասնականութեան եւ եղբայրական սիրոյ ցուցմունքը մեր կացութեան մէջ կրնայ գալ մեր արժէքներու եւ ժառանգութեան երաշխաւորներու բարձրագոյն աթոռներէն, եւ հոնկէ բխելով հասնի հասարակութեան բոլոր մակարդակներուն:

Ուստի կոչ կ՛ուղղեմ մեր չորս եկեղեցիներու առաջնորդներուն: Կը խնդրեմ որ հաւաքուիք Երեւան՝ ձեր շուրջ ժողվելով «երկրի երէցները, քահանաներն ու ժողովուրդը՝ մեծերն ու փոքրերը» Յովսիա թագաւորի նման ըսէք՝ «Տէրը պէտք է բարկացած ըլլայ մեզմէ, որովհետեւ մեր հայրերն ու մենք Օրէնքներու գիրքին խօսքերուն հնազանդած չենք»:
Կոչ կ՛ուղղեմ, որ նախ եւ առաջ դուք կենդանի օրինակ դառնաք եղբայրասիրութեան ու խոնարհութեան՝ ծառայելով Քրիստոսի նման, որ ծնաւ ախոռի մը մէջ, Երուսաղեմ մտաւ՝ նստած աւանակի ու ոչ թէ ձիու վրայ: Իր աշակերտներուն աղտոտ ոտքերը լուաց ոչ թէ որպէս արարողութիւն, այլ խոնարհութեան եւ ծառայութեան պատուիրան մը՝ մեզի՝ բոլորիս:
Կաղաչե՛մ ձեզի, որ ապաշխարութեան կոչ ընէք. ուխտէք, եւ ժողովուրդն ալ ուխտէ «հետեւիլ Տիրոջ պատուիրաններուն, օրէնքներուն եւ կանոններուն, ամբողջ սրտով ու իրենց ամբողջ էութեամբ»: Ինչպէս Յեսուի, Տէրը ձեզի այսպէս կ՛ըսէ - «Այս օրէնքներու գիրքը քու բերնէդ թող չզատուի, հապա գիշեր ցերեկ անոր վրայ մտածէ, որպէս զի բոլոր անոր մէջ գրուածները պահես ու կատարես. քանզի այն ատեն քու գործերդ յառաջ պիտի տանիս եւ այն ատեն յաջողութիւն պիտի գտնես»։(Յեսու 1:8)

Վերածնունդ

Կոչ կ՛ուղղեմ ազգի մտաւորականներուն, կրթարարներուն, քաղաքական գործիչներուն եւ բարերար գործարարներուն, որոնք գործուն կը նպաստեն ազգին, որ ստանձնեն յաւելեալ պատասխանատուութիւն, Հաւաքուին՝ մէկ կողմ դնելով իրենց անձնական օրակարգերը, խօսին մէ՛կ ձայնով, կառավարութեան վրայ վստահութիւն հաստատելէ ետք, լիովին աջակցին հայրենիքի կայունութիւնն ու գոյատեւումը ապահովելու համար, ու ըլլան հասանելի որպէս խիստ անհրաժեշտ խորհրդատուներ:

Kirk Kirkorian

Կոչ կ՛ուղղեմ վարչապետին, որ միաւորէ ազգը, քանզի «Ամէն թագաւորութիւն իրեն մէջ բաժնուած կ’աւերի. եւ ամէն քաղաք կամ տուն իրեն դէմ բաժնուած՝ չի կրնար կենալ» (Մատթէոս 12:25) եւ ընդունի խորհուրդ, քանզի «Ազգը առանց խոհականութեան կը կործանի․ բայց խորհրդականներու բազմութեամբ փրկութիւն կըլլա՛յ»։

Այսօր հայ երեխան ո՞ր ազգային գործիչին համար կ՛աղօթէ: Եւ ցաւօք սրտի, վերջին իշխան Քըրք Քրքորեան, փոխանակ «Չուանէ խարազան մը շինելու», մեծ շառաչիւնով փակեց դուռը՝ գոչելով «Հայրենիքս աւազակներու այր ըրիք»:

Պարզ բառերով՝ եթէ պահպանած ըլլայինք երէք բարոյական արժէքներ՝ պարկեշտութիւն, խոնարհութիւն եւ եղբայրասիրութիւն, այսօր Հայաստան պահպանած կ՛ըլլար իր իրաւացի դիրքը:

Մեր կացութիւնը ճակատագրական չէ: Պիտի վերածնինք, վերականգնինք: Մէկ խնդրանք ունիմ, եղբայրներ, հոգեւոր հայրեր, կրթարաններ, մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ եւ գործարարներ, ըլլանք լիարժէք ժառանգորդները Ներսէս Շնորհալիի, Դաւիթ Անյաղթի, Անանիա Շիրակացիի։

«Կաղաչե՛մ ձեզմէ, որ ամէն մէկը իր մասին աւելի բարձր համարում չունենայ, եւ ինչ որ պէտք է մտածէ, խոհեմութեա՛մբ մտածէ: Իրարու հանդէպ գորովալի՛ց եղէք` եղբայրական սիրով. պատուելու մէջ զիրա՛ր գերադասեցէք: Փութաջանութեան մէջ ծոյլ մի՛ ըլլաք. եռանդո՛ւն հոգիով ծառայեցէք: Որքան կարելի է ձեզի` խաղաղութի՛ւն պահեցէք ամէն մարդու հետ»։
Եթէ ոչ այսօր, հապա ե՞րբ:

Յովէլ Շնորհօքեան
Լը Ռէնսի, Ֆրանսա

05/09/2023

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *