Search
Close this search box.

«Իմ անտառ Հայաստան». անտառապատման նոր կազմակերպութիւն մը

Կլիմայական փոփոխութիւնը կը մտահոգէ բոլորս, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրս պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ մեր քայլերով՝ մեղմելու Երկիր մոլորակին վրայ մեր ունեցած ազդեցութիւնը, նուազեցնելու համաշխարհային տաքացումը, եւ օգնելու բնութեան՝ վերականգնելու իր ուժը:

«Իմ անտառ Հայաստան» կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է 2019 թուականին՝ պելճիքահայ մարդասէր եւ ձեռնարկատէր Անտրէ Կիւմիւշճեանի կողմէ: Նախնական գաղափարը եղած է պարզապէս նուազեցնել այրող օրկանական հանածոյ վառելիքէն յառաջացող ածխածինի արտանետումները՝ հաշուի առնելով, որ Անտրէի համոզմամբ՝ ապագայ սերունդները պէտք չէ ծանրաբեռնուին մեր պատճառած ապականումը մաքրելով:

Բայց նախագծին տարողութիւնը ընդլայնեցաւ։ Անտրէն իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Նախագծին մէջ աւելի խորանալով՝ ես հասկցայ անտառներուն կարեւորութիւնը՝ գոյատեւելու համար այս մոլորակին վրայ: Անտառները անհաւանական բարդ կենսոլորտներ են, որոնք կապուած են երկրային բազմաթիւ երեւոյթներու հետ: Օրինակ՝ մեր ջրային պաշարներուն 80 տոկոսը կը գոյանայ անտառներէն։ Եթէ մենք կ’ուզենք հարիւր տարի ետք ունենալ երկիր մը, ուր մարդիկ կրնան ապրիլ, ապա անոնք պէտք է ունենան բաւարար ջրային պաշարներ։ Անկէ զատ, անտառները անհրաժեշտ են երկրագունդին անապատացումը կասեցնելու, հողի քայքայումն ու մոլորակին ջերմաստիճանը նուազեցնելու, եւ խոնաւութիւնը բարձրացնելու համար: Անտառային կենսաբազմազանութիւնը անհրաժեշտ է կենսոլորտներուն կայունութեան եւ մարդկութեան զարգացման համար: Ցուցակը այդքանով չի սահմանափակուիր. անտառներուն առաւելութիւնները չափազանց շատ են՝ մէկ առ մէկ մանրամասնելու համար»։

Ի սկզբանէ, մեր նպատակն էր ունենալ ամենաբարձր որակը՝ նկատի ունենալով, որ միայն որակեալ ծրագիրները կրնան ապահովել անտառապատման արդիւնաւէտութիւնը: հաշուի առնելով, որ լայնածաւալ որակեալ տնկիներ չկան՝ անմիջապէս որոշեցինք սերմերը անձամբ հաւաքել տեղական անտառներէն եւ հիմնել մեր տնկարանները:

«Իմ անտառ Հայաստան» կազմակերպութենէն ներս բոլորը կը բաժնեկցին նոյն տեսլականը. Հայաստանը պէտք է ունենայ կենսաբազմազանութեամբ հարուստ անտառներ՝ կայուն կենսոլորտներով: Բազմատեսակ ծառերու կողքին՝ մենք կը տնկենք նաեւ զանազան տեսակի թուփեր, որովհետեւ անոնք գրաւիչ են միջատներուն ու թռչուններուն համար, ինչպէս եւ կը նպաստեն կենսաբազմազանութեան պահպանման:

«Իմ անտառ Հայաստան» կազմակերպութիւնը ունի 16 հոգիէ բաղկացած մնայուն անձնակազմ մը՝ Երեւանի եւ Վանաձորի մէջ, ինչպէս նաեւ 31 աշխատողներ՝ երկու տնկարաններու եւ ջերմոցներու մէջ: Աշնան եւ գարնան, մենք աշխատանքի պիտի ընդունինք մինչեւ 240 անձինք՝ տնկման եւ խնամքի աշխատանքներ իրականացնելու համար:

Ծառերու տնկման երկրորդ տարին, մենք արդէն գերազանցեցինք մեր միջնաժամկէտային նպատակը եւ տնկեցինք 426.000 ծառ։

Անտառներու վերականգնման համար նուիրատուութիւնը ունի եռակի օգուտ.
1.նուիրատուները կը հատուցեն իրենց արձակած ածխածինի արտանետումները,
2. նուիրատուները Հայաստանի մէջ կը ստեղծեն անտառներ, որոնք վճռորոշ դերակատարութիւն կ’ունենան երկրին ապագային համար,
3. անոնք աշխատանքով կ’ապահովեն հեռաւոր գիւղերու մէջ ապրող հարիւրաւոր մարդիկ, որոնց հիմնական աշխատանքը կ’ըլլայ ծառեր տնկելն ու զանոնք խնամելը, եւ այդպիսով կը բարելաւուի անոնց տնտեսական վիճակը։

Կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, մենք հասկցանք, որ միայն գումար վաստակելու համար եկած մարդիկ շատ արագ գիտակցեցան իրենց աշխատանքին արժէքն ու կարեւորութիւնը։ Անոնք աւելի ամուր կապ մը կը զգան իրենց հողին հետ եւ կը հասկնան, որ այդ աշխատանքը պիտի ըլլայ ի շահ իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն:

Անտառապատմամբ զբաղելով՝ մենք հետզհետէ կը փոխենք բնակչութեան մտածելակերպը. մարդիկ փոխանակ մտածեն, թէ ինչպէ՛ս կրնան անմիջական օգտուտ քաղել հողին բարիքներէն, հիմա կը սկսին մտածելու, թէ ինչպէ՛ս կրնան նպաստել իրենց երկրի եւ իրենց երկարաժամկէտ ապագային: Անոնք բնազդաբար կ’ունենան հպարտութեան, պատկանելութեան եւ յոյսի նոր զգացումներ:

Վերափոխելով Օտրի Հեփպըրնի խօսքը. «Անտառապտել կը նշանակէ հաւատալ ապագային»:

Մաս կազմէ՛ Հայաստանի ապագայէն, դարձի՛ր ամենամսեայ նուիրատու՝ https://myforestarmenia.org/donate/

Եթէ կը փափաքիք ունենալ ձեր անուամբ կամ ձեր ընկերութեան անուամբ անտառ մը, ապա ներկայանալու համար դիմեցէ՛ք փոխտնօրէն Լիլիթ Մարտիրոսեանին՝ գրելով « lilith@myforestarmenia.org » ելեկտրոնային հասցէին:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *