Ալիք Պարսումեանի, Նոյ Կարապետեանի եւ Գրիգոր Տոլպաշեանի «Հաւաք» ֆիլմը կ’ընդգծէ երաժշտութեան եւ պարի կառուցած լեզուն ու գեղարուեստական մօտեցումը։
«Հաւաք»-ը գեղեցիկ ստեղծագործութիւն մըն է, որուն մէջ երաժշտին մենանուագը կը վերածուի ռիթմային երկխօսութեան, երբ ան իր մուսան կը կանչէ՝ իր իսկ նուագակցած ձայնին միջոցաւ: Ֆիլմը նկարահանուած է 2021 թուականին՝ ՀԲԸՄ «Ստեղծագործ Հայաստան»-ի շրջանակներէն ներս։ Զայն բեմադրած է Ալիք Թամար Պարսումեանը, երաժշտութիւնը եւ ձայնային համադրումը հեղինակած է Նոյ Կարապետեանը, պարային բեմադրութիւնը՝ Գրիգոր Տոլպաշեանը։"
Աղբիւր՝ Creative Armenia եւ «orer.eu»։