Մաշտոցեան հայագիտութեան նոր դասախօս Քրիստինա Մարանճին մեծ ծրագիրներ ունի հայկական արուեստն ու մշակոյթը համալսարանական լայն շրջանակին ծանօթացնելու ուղղութեամբ: Ան հայկական ծագում ունեցող առաջին անձն է, որ կը զբաղեցնէ այս պաշտօնը՝ համատեղելով Մերձաւոր Արեւելքի լեզուներու, քաղաքակրթութեանց, արուեստի, եւ ճարտարապետութեան պատմութեան բաժանմունքները: Մարանճիին միտքը հարուստ է հայկական արուեստն ու մշակոյթը՝ Հարվըրտի լայն լսարանին ներկայացնելու գաղափարներով: Ան «Gazette»-ին պատմեց Թուրքիոյ մէջ իր կատարած աշխատանքին, իր մշակոյթի բացայայտման եւ Մեծն Պոստոնի հայ համայնքի մշակութային հարստութեան մասին: Հարցազրոյցը խմբագրուած է յստակացնելու եւ կրճատելու նպատակաւ:
Հարց ու պատասխան. Քրիստինա Մարանճի
Զրուցավար - Պատմեցէ՛ք ինծի հայկական մշակոյթին հետ ունեցած ձեր կապին մասին:
Քրիստինա Մարանճի - Ես մեծցած եմ Քոնեթիքէթի մէջ, Նոր Եօրքէն ոչ հեռու, ուր շատ հայեր չկային: Ծնողներս կը սիրէին եւ տակաւին կը սիրեն եւրոպական մշակոյթը՝ դասական երաժշտութիւնը, պալէթը, օփերան, եւ շատ կը փափաքէին զայն բաժնեկցիլ մեզի հետ: Կը յաճախէինք նաեւ հայկական եկեղեցին։
Համալսարան յաճախած տարիներուս, մեծ հետաքրքրութիւն ունեցայ միջնադարեան արուեստի եւ արուեստի պատմութեան հանդէպ: Կամաց-կամաց հետաքրքրութիւնս շեղեցաւ դէպի արեւելք՝ դէպի Բիւզանդիոն, ապա ի վերջոյ դէպի հայրենիքս եւ անոր աւանդոյթները: Դանդաղ էր այդ գործընթացը։ Թէեւ ես ծրագրած էի ուսումնասիրել բարձր կոթական ճարտարապետութիւնը, սակայն ի վերջոյ սկսայ աշխատիլ հայկական արուեստի եւ ճարտարապետութեան վրայ:
Զրուցավար - Ինչո՞ւ կարեւոր է հայկական ճարտարապետութիւնը:
Քրիստինա Մարանճի - Կար տեսակէտ մը, որուն համաձայն Հայաստանը կը հանդիսանայ Եւրոպայի կոթական ճարտարապետութեան բնօրրանը: Այդ երեւոյթը այլեւս չկայ, սակայն 10-րդ եւ 11-րդ դարերու հայկական ճարտարապետութիւնը աչքի կը զարնէ իր գեղագիտական արժէքներով։ Ունինք ուղղահայեցութիւն, խրձասիւներ, սրածայր կամարներ, եւ շատ ուրիշ բաներ, զորս կարելի է գտնել Եւրոպայի մէջ: Սակայն, այս մէկը ուրիշ աւանդոյթ է, զոր կարելի է, եւ պէտք է հասկնալ իր բնաբանին մէջ:
Երբ Հայկական լեռնաշխարհը կ’ուսումնասիրես նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանին, կը հասկնաս, թէ ի՛նչ բաժիններ կրնայ ունենալ արուեստի պատմութեան դասագիրք մը՝ Հին Մերձաւոր Արեւելեան (Փերսեպոլիս) կամ հելլենիստական քանդակագործական արուեստ: Սակայն, Հայաստանի մէջ ամէնէն հետաքրքրականն այն է, որ ունինք փաստարկներ, որոնք կապ ունին երկու մշակոյթներուն հետ:
Հին հայկական լեռնաշխարհի տարածքին պեղուած գտածոները կը մատնանշուին՝ ինչպէս միջերկրածովեան դասական աւանդոյթները (օրինակ՝ դիցուհեաց արձանիկները քոնթրափոսթոյի ոճով եւ քանդակուած խոնաւ շղարշի եղանակով), այնպէս ալ առարկաներ, որոնք կը մատնանշեն Հին Պարսկաստանը (արծաթեայ ռիթոն՝ ձիու տեսքով, եւ հեծեալը, որ ապշեցուցիչ նմանութիւն ունի Փերսեպոլսոյ հանդիսասրահի սանդուղքի քանդակազարդ կերպարներուն): Ասիկա կը նշանակէ, որ հնագիտական նիւթերու ամբողջութիւնը պատշաճ կերպով չի տեղաւորուիր արուեստի պատմութեան աւանդական պարբերացումներուն մէջ, այլ կը հատէ զանոնք՝ Հայաստանը դարձնելով շատ անկանխատեսելի վայր մը ուսումնասիրելու տեսանկիւնէն, ինչ որ հետաքրքրական է եւ մարտահրաւէրային:
Զրուցավար - 1959 թուականին, տեղւոյն հայ համայնքը օգնեց ձեր մասնագիտական ամպիոնի հիմնադրման: Ի՞նչ կապի մէջ էք անոնց հետ:
Քրիստինա Մարանճի - Ամուսինս, որ նոյնպէս հայ է, կը յաճախէ Պրեթլ փողոցին վրայ գտնուող Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցին, ուր ալ կ’երգէ: Երբեմն ես ալ կ’ուղեկցիմ անոր: Սակայն, այդ շրջանին մէջ կան նաեւ ուսումնասիրութեան մեծ կեդրոններ, ինչպիսին են՝ Հայկական ուսումնասիրութեանց եւ հետազօտութեանց ազգային ընկերակցութիւնը (NAASR), որ աշխուժօրէն մասնակցած է այս ամպիոնի ստեղծման: Վերջինիս կ’անդամակցիմ շրջանաւարտ եղած տարիներէս ի վեր: [Վասարի շրջանաւարտ Մարանճին իր մագիստրոսական եւ դոկտորական աստիճանները ստացած է Փրինսթոնի մէջ]: Հայկական ուսումնասիրութեանց եւ հետազօտութեանց ազգային ընկերակցութիւնը կը գտնուի Պելմոնթի մէջ, եւ բացառիկ աղբիւր մըն է գիտնականներուն, ուսանողներուն եւ համայնքին համար: Կայ նաեւ Ուոթերթաունի հայկական թանգարանը, որ ունի մեծ հաւաքածոյ մը։ Այս շրջանը ունի հարուստ հայկական համայնք մը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը զիջի միայն Լոս Անճելոսի համայնքին:
Զրուցավար - Կրնա՞ք մեզի պատմել Թուրքիոյ մէջ փլուզման եզրին գտնուող կառոյցներուն հետ ձեր աշխատանքին մասին:
Քրիստինա Մարանճի - Արեւելեան Թուրքիոյ կամ Հայաստանի պատմական տարածքներուն մէջ կան բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներ, սակայն ատոնք մեծաւ մասամբ ամայի վայրերու մէջ կը գտնուին եւ փլուզման տարբեր աստիճանի վտանգի մէջ են: Ես կ’աշխատիմ Նոր Եօրքի Համաշխարհային յուշարձաններու հիմնադրամին հետ: Պարբերաբար, կը համագործակցինք նաեւ Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան, ինչպէս նաեւ այլ նախարարութիւններու հետ՝ անոնց ուշադրութիւնը հրաւիրելու այս եկեղեցիներու վերակառուցման վրայ:
Այն տարածքը, զոր կ’ուսումնասիրեմ, կը գտնուի միջազգային փակ սահմանին վրայ, ուր կան գեղեցիկ եւ կարեւոր պատմական եկեղեցիներ: Անոնցմէ մէկը կը թուագրուի 19-րդ դարուն, սակայն կորսնցուցած է իր կէսը. անիկա հիմնականին մէջ պահպանած է իր սկզբնական տեսքին խաչաձեւ հատուածը: Նման եկեղեցիներուն վրայ աշխատիլը շատ բարդ է մի քանի տեսանկիւններէ՝ քաղաքական, դիւանագիտական, ճարտարապետական եւ տնտեսական: Համբերութեան խաղ մըն է, սակայն միեւնոյնատեն եկեղեցիները շատ ծանր վիճակի մէջ են: Նկատի ունենանք նաեւ, որ տարածքը խիստ երկրաշարժային է:
Այս նիւթը հիանալի է ուսանելու համար, որովհետեւ ցոյց կու տայ, թէ միջնադարեան յուշարձանները ինչպէ՛ս կ’առնչուին հետազօտութեան տարբեր ոլորտներու հետ՝ արուեստի պատմութենէն մինչեւ մարդու իրաւունքներ, միջազգային իրաւունք, քաղաքականութիւն, ինչու չէ նաեւ՝ պատմագիտութիւն եւ կրօնք:
Զրուցավար - Հայագիտութեան հետ առնչուող ի՞նչ ծրագիրներ ունիք այստեղ:
Քրիստինա Մարանճի - Ես կ’ուզեմ համալսարանականներուն մէջ հետաքրքրութիւն յառաջացնել, բայց կ’ուզեմ նաեւ ներգրաւել մագիստրոսականները եւ ասպիրանտները՝ վերապատրաստման ծրագրին մէջ: Կ’ուզեմ ստեղծել հայկական արուեստի եւ մշակոյթի մասին ընդհանուր զարգացման դասընթացք մը, որպէսզի բարձրացնեմ իրազեկութիւնը՝ այս տարօրինակ մշակոյթին մասին, որ սովորաբար չ’ուսումնասիրուիր: Պսակաւոր արուեստից ուսանողները չեն առնչուիր ատոր հետ, սակայն հայկական արուեստն ու մշակոյթը կապուած են շատ տարբեր մշակոյթներու հետ՝ Ամսթերտամէն մինչեւ Փիլիպպինք: Շատ հետաքրքրական ուղղութիւն մըն է, պարզապէս պէտք է դիպուկ վերտառութեամբ մը ներկայացնեմ զայն: