2023 թուականի յունուար 23-ին Եւրոպական խորհուրդը համաձայնեցաւ Հայաստան գործուղել Եւրոպական միութեան Քաղաքացիական առաքելութիւն մը՝ Համընդհանուր անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան շրջարկէն ներս: Առաքելութեան նպատակն է՝ նպաստել Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն կայունութեան, գետնի վրայ վստահութիւն ձեւաւորելուն, եւ ապահովելու Եւրոպական միութեան աջակցած Հայաստան-Ատրպէճան յարաբերութեանց կարգաւորման ջանքերուն նպաստող միջավայր մը:
«Հայաստանի մէջ Առաքելութեան տեղակայմամբ՝ Եւրոպական միութեան ներգրաւուածութեան նոր հանգրուան մը սկիզբ պիտի առնէ Հարաւային Կովկասի մէջ։ Եւրոպական միութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ զօրաշարժի դադրեցման ջանքերուն եւ սերտօրէն պիտի աշխատի երկու կողմերուն հետ՝ տարածաշրջանէն ներս կայուն խաղաղութեան վերջնական նպատակի ուղղութեամբ», - յայտարարած է ԵՄ Արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզէփ Պորէլը:
2022 թուականի դեկտեմբեր 27-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Եւրոպական միութիւնը հրաւիրած էր Հայաստան՝ Քաղաքացիական առաքելութիւն մը տեղակայելու։ Ի պատասխան Հայաստանի դիմումին՝ ԵՄ Առաքելութիւնը կանոնաւոր պարեկութիւն պիտի իրականացնէ եւ պիտի զեկուցէ իրավիճակին մասին, ինչ որ պիտի նպաստէ, որ Եւրոպական միութիւնը տեղւոյն վրայ ընկալէ իրավիճակը։ Առաքելութիւնը նաեւ պիտի նպաստէ միջնորդական ջանքերուն՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի գլխաւորած գործընթացի շրջանակէն ներս։
ԵՄ Առաքելութիւնը նախնական երկամեայ լիազօրութիւն պիտի ունենայ, իսկ անոր Գործնական շտաբը պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ: Քաղաքացիական գործողութեանց հրամանատար պիտի նշանակուի Ստեֆանօ Թոմաթը՝ Եւրոպական արտաքին գործողութեանց ծառայութեան Քաղաքացիական ծրագրման եւ գործունակութեան կառավարիչ տնօրէնը: Յառաջիկային պիտի նշանակուի տեղւոյն վրայ գործողութիւնները ղեկավարող Առաքելութեան ղեկավար մը։