Search
Close this search box.

«ՔՈԱՖ»-ի 19-րդ ամէնամեայ հանդիսաւոր երեկոն. «Ազգակերտում»

Դեկտեմբեր 17-ին, աւելի քան 450 մարդ ամբողջ աշխարհէն հաւաքուած էր Նոր Եօրքի մէջ՝ Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամի (ՔՈԱՖ) 19-րդ ամէնամեայ հանդիսաւոր երեկոյին, «Ազգակերտում» վերտառութեան ներքոյ: Համաճարակին պատճառաւ՝ երկու տարուան համացանցային հանդիսաւոր երեկոներէն ետք՝ այս տարուան միջոցառումը անգամ մը եւս արժանացաւ հսկայական առատաձեռնութեան՝ հանգանակելով 6 միլիոն տոլար՝ աջակցելու «ՔՈԱՖ»-ի Հայաստանի գիւղային զարգացման ծրագիրներուն։ 

Միջոցառումը կը վարէին «KTTV FOX11»-ի «Good Day LA»-ի հաղորդավար Արաքսիա Կարապետեանը եւ «ՔՈԱՖ»-ի զարգացման գծով աւագ տնօրէն Հայկ Պոյաճեանը՝ «Քիփրիանի, 25 Պրոտուէյ» հասցէով: Ընթացքին ներկայացուեցան աշխարհահռչակ երաժիշտներու, ներառեալ՝ ջութակահար Արա Մալիքեանի (Սպանիա) եւ թաւջութակահար Սեւակ Աւանէսեանի (Հայաստան) հրապուրիչ երաժշտական կատարումները։

Երեկոյին ուշագրաւ իրադարձութիւններէն էր երկրորդական վարժարանի աշակերտներ Աննա Ռաֆայէլեանի (Լանջիկ գիւղ, Շիրակի մարզ) եւ Արթուր Սիմոնեանի (Արտենի գիւղ, Արագածոտնի մարզ) բեմ բարձրանալը: Անոնք բոլորին հետ բաժնեկցեցան իրենց փորձով, թէ ի՛նչ ազդեցութիւն ունեցած է «ՔՈԱՖ»-ը իրենց կեանքին մէջ: 

Այս տարուան Մարդասիրական մրցանակը շնորհուեցաւ Միշիկանէն բարերարներ Փիթէր եւ Մերիլին Սարգիսեաններուն՝ յերախտագիտութիւն անոնց ունեցած մեծ աւանդին՝ «ՔՈԱՖ»-ի կրթական եւ առողջապահական տարբեր ծրագիրներուն մէջ:

«ՔՈԱՖ»-ի հիմնադիր նախագահ Կարօ Արմէնը խօսեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տիրող անմխիթար իրավիճակին մասին, ուր ներկայիս մարդասիրական ճգնաժամ մը ստեղծուած է՝ հաշուի առնելով, որ Ատրպէճանը փակած է Արցախը Հայաստանին եւ մնացեալ աշխարհին կապող միակ ճանապարհը։ Ան ընդգծեց Հայաստանի ժողովուրդին աջակցելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը՝ շարունակելով իրականացնել ազգակերտման եւ երիտասարդները զարգացնելու կարեւոր աշխատանքը, որոնք պիտի դառնան փոփոխութիւններու հիմնական շարժիչը: Ան նաեւ յայտարարեց, որ Եւրոպական միութիւնը 20 միլիոն եւրոյի պարտաւորութիւն ստանձնած է Հայաստանի հարաւային մարզի՝ Սիւնիքի մէջ եւս երկու «ՔՈԱՖ» խելացի կեդրոններ կառուցելու նպատակաւ։ 

«ՔՈԱՖ»-ը կը միտի ընդլայնել իր հասանելիութիւնը Հայաստանի ողջ գիւղական բնակչութեան համար, որ կը կազմէ մօտաւորապէս մէկ միլիոն: Մինչ օրս, կազմակերպութիւնը սպասարկած է աւելի քան 100.000 մարդու՝ երկրի հինգ մարզերուն մէջ: Հայաստանի ողջ բնակչութեան սպասարկելու համար կը պահանջուի 150 միլիոն տոլար՝ խոշոր ծախսերը հոգալու համար, եւ տարեկան մօտաւորապէս 21 միլիոն տոլար տարեհաշիւ։ 

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *