Փետրուար 17-ին ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է Գեղարքունիքի մարզի Լճաշէն համայնքիին մէջ իրականացուելիք «Արդիւնաբերական ջերմոցային համալիր» ներդրումային ծրագիրին:
Ծրագիրով կը նախատեսուի ջերմոցային խոշոր համալիր մը՝ 45 հա ընդհանուր մակերեսով, եւ արդիւնաբերական տնկարան մը՝ 2,7 հա մակերեսով: Շինարարական աշխատանքները կը տեւեն մինչեւ 60 ամիս: Այդ ընթացքին կը ստեղծուի 350-400 ժամանակաւոր աշխատատեղ, իսկ ծրագիրին աւարտէն ետք կը ստեղծուի 400-450 մշտական աշխատատեղ: Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան տեղեկացուց, որ տարեկան կ'արտադրուի մօտ 12 000 թոն բանջարեղէն, որուն 80%-ը կը նախատեսուի արտահանել։
Ամբողջական նիւթը կարելի է կարդալ «Արմէնփրես»-ի մէջ՝