Հայաստանի Յառաջատար արհեստագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան (ԱՏՁՄ) նախկին գործադիր տնօրէն Ռաֆֆի Քասարճեան մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ամփոփած է ԱՏՁՄ 2021 թուականի գործունէութիւնը: Պարոն Գասարճեան տեղեկացուցած է, որ 2021-ին Մոնթէ Մելքոնեան վարժարանին մէջ բացուած է անօդաչու սարքերու աշխատանոց, իսկ 2022-ին կը նախատեսեն անօդաչու սարքերու 9 նոր աշխատանոց բանալ Հայաստանի ու Արցախի մէջ:
ԱՏՁՄ-ի «Բանակ ՏԱ» ծրագիրը 138 մասնակից ունէր, որմէ 85-ը արդէն աւարտած են ՏԱ ոլորտի կրթական ծրագիրները: Մեծ մասը արցախեան 44-օրեայ պատերազմի մասնակից է: