Բրիտանացի ռազմածովային նախկին հրամանատար Էմիլ Հեսեն թուիթըրեան գրառում կատարած է, ուր նշած է, որ 44-օրեայ պատերազմին մասին պատմող իր վաւերագրական ֆիլմը՝ «45 օր՝ պայքար յանուն ազգի», լաւագոյն վաւերագրական ֆիլմ անուանակարգին մէջ ներկայացուած է Օսքար մրցանակի: Ֆիլմը նկարահանուած է 2020-ի աշնան, երբ Ազրպէյճան լայնածաւալ յարձակում սկսած էր Արցախի վրայ: «Ֆիլմը պատմութիւնն է անոնց, որ կռուեցան այս պատերազմին»,– նշուած է ֆիլմի նկարագրութեան մէջ: Ֆիլմին նպատակն է լուսաբանել՝ զերծ մնալով ապատեղեկատուութենէ:
Ամբողջական նիւթը կարելի է կարդալ «Panarmenian.net»-ի մէջ՝