Դիլիճանի կարագործանոցը եւ անոր յարակից տարածքը կը նախատեսուի վերածել ժամանակակից բազմագործառոյթ տարածքի՝ ձեռնարկութիւններու եւ անհատներու համար:
Ծրագիրը կեդրոնացած է փոքր տնտեսութիւններու եւ նորարար արդիւնաբերութիւններու զարգացման վրայ՝ նպատակ ունենալով ներգրաւելու Դիլիճանի եւ Տաւուշի մարզի բնակիչները:
«Դիլիճանի եւ յարակից համայնքներու մասնաւոր հատուածի գլխաւորած տնտեսական աճի խթանում» ծրագրի պաշտօնական մեկնարկը տեղի ունեցած է Յունիս 7-ին Դիլիճանի քաղաքապետարանին մէջ՝ մասնակցութեամբ Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար ու դեսպան Անտրէա Ուիքթորի, Դիլիճան համայնքի ղեկավար Դաւիթ Սարգսեանի, Տաւուշի մարզի փոխմարզպետ Նարեկ Ղուշճեանի:
ԵՄ-ի ֆինանսաւորած ծրագիրը պիտի իրականացուի Դիլիճանի քաղաքապետարանի կողմէ «IDeA»-ի հիմնադրամի, Զբօսաշրջութեան ու քաղաքաշինութեան հիմնադրամի եւ Դիլիճանի համայնքի կեդրոնի հետ գործակցաբար ու համաֆինանսաբար:
Վերանորոգման տարածքը կը կազմէ 5.500 քառակուսի մեթր (3500 մեթրնոց պարտէզով), որ պիտի կառուցուի որպէս մշակութային բազմագործառոյթ ու արտադրական հանգոյց՝ տարածք տրամադրելով արհեստական արտադրանքի, ժամանցի, արուեստի, առեւտուրի, նորարարութեան ու զբօսաշրջութեան համար: Յարակից տարածքը պիտի վերածուի զբօսայգիի եւ հանգստեան գօտիի: