Search
Close this search box.

Հայաստանն ու Հունգարիան պիտի վերականգնեն իրենց դիւանագիտական կապերը

Դեկտեմբեր 1-ին, Հայաստանն ու Հունգարիան պաշտօնապէս համաձայնեցան վերականգնելու իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները, որոնք տասնամեակ մը առաջ սառեցուած էին Երեւանի կողմէ։
Հայաստանի նախկին ղեկավարութիւնը այդ յարաբերութիւնները խզեց 2012 թուականին, երբ Հունգարիոյ կառավարութիւնը վիճայարոյց կերպով Ատրպէճանին արտայանձնեց ատրպէճանական բանակի սպայ Ռամիլ Սաֆարովը, որ 2004 թուականին Պուտափեշտի մէջ կացնահարած էր քնացած հայ գործընկերը: 2006 թուականին, Հունգարիոյ դատարանը Սաֆարովը դատապարտեց ցմահ բանտարկութեան, սակայն Ատրպէճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը զինք պարգեւատրեց, եւ Ատրպէճան վերադարձէն ետք բարձրացուց անոր պաշտօնը:

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու իր հունգարացի գործընկեր Փիթէր Սիարթոն, լեհական Լոծ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ԵԱՀԿ նախարարական համաժողովին շրջանակէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարեցին դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնելու մասին Հայաստանի եւ Հունգարիոյ կառավարութեանց որոշումը։
Համատեղ յայտարարութեան մէջ, անոնք նշեցին, որ այդ քայլը «նոր էջ մը պիտի բանայ հայ-հունգարական յարաբերութիւններուն մէջ»: Անոնք նշեցին նաեւ հայ եւ հունգարացի ժողովուրդներուն «ընդհանուր քրիստոնէական ժառանգութիւնը»։

Ի տարբերութիւն Եւրոպական միութեան անդամ միւս երկրներուն, Արցախեան հակամարտութեան ընթացքին, Հունգարիան բացայայտօրէն աջակցած է Ատրպէճանին։ Հունգարիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այդ աջակցութիւնը վերահաստատեց 2020 թուականին՝ Արցախի մէջ հայ-ատրպէճանական պատերազմի բռնկումէն երեք օր անց։

https://www.azatutyun.am/a/32157647.html

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *