Հայաստան առաջին անգամ նշանակուած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) գլխաւոր յանձնաժողովի անդամ: Այս մասին կը յայտնէ առողջապահութեան նախարարութիւնը:
ԱՀԿ-ի առաջնային դերը ուղղորդել է ՄԱԿ-ի համակարգին մէջ միջազգային առողջապահութիւնը: Ընդհանուր յանձնաժողովը կը բաղկանայ 25 անդամէ: Յանձնաժողովը գլխաւոր տնօրէնին հետ խորհրդակցաբար կը կատարէ հետեւեալ գործառոյթները:
- կ'որոշէ ժամն ու տեղը բոլոր լիագումար նիստերուն, հիմնական յանձնաժողովներուն եւ բոլոր միւս յանձնաժողովներուն նիստերը այդ նիստին ընթացքին
- կ'որոշէ իւրաքանչիւր լիագումար նիստի գործունէութեան յաջորդականութիւնը
- կ'առաջարկէ օրակարգային թեմաներ Առողջապահութեան ժողովին
Ամբողջական՝ «Հայաստանի հանրային ռատիօ»-ի մէջ
https://en.armradio.am/2022/05/22/armenia-appointed-to-who-general-committee-for-first-time/