Հայաստանի Ազգային ժողովը ընդունեց «Գովազդի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու նախագիծը՝ արգիլելով շահումով խաղերու ամէն տեսակի գովազդները: 
Նախագիծը առաջին ընթերցումով ընդունուեցաւ 56 կողմ, 8 դէմ եւ 16 ձեռնպահ պատգամաւորներու յարաբերակցութեամբ: 
Օրէնքը կ'արգիլէ շահումով խաղերու գովազդի բոլոր տեսակները, ներառեալ՝ պատկերասփիւռի, ձայնասփիւռի, համացանցի միջոցով՝ մի քանի բացառութիւններով. քազինոներուն կամ պուքմեյքերներուն արտօնուած է իրենց ծառայութիւնները գովազդել իրենց պաշտօնական կայքերուն մէջ կամ շէնքերուն վրայ: 
Քննարկումներուն ժամանակ «Քաղաքացիական պայմանագիր» իշխող կուսակցութեան պատգամաւոր Բաբգէն Թունեան յայտնեց, որ 2021 թուականի Յունուար-Նոյեմբեր ամիսներուն Հայաստանի մէջ 3,2 թրիլիոն դրամի խաղադրոյք կատարուած է: 
Աղբիւր՝  «Արմէնփրես»՝ armenpress.am
 
				 
															 
                     
                    