Հայկական կողմը պատրաստ է տրամաբանական ժամկէտներու մէջ կազմակերպելու Հայաստանի վարչապետին, Ատրպէճանի նախագահին, Ֆրանսայի նախագահին եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահին միջեւ հանդիպումը, ըսաւ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը։
«Մենք կը հաւատանք, որ այս ձեւաչափով Փրակի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը բաւական արդիւնաւէտ եւ կարեւոր էր Հայաստանի եւ Ատրպէճանի միջեւ յարաբերութեանց կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Հայկական կողմը կը մնայ շահագրգռուած է յարաբերութեանց կարգաւորմամբ»,- նշած է նախարար Միրզոյեանը։
Անցեալ շաբաթ, Ատրպէճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը Ֆրանսան մեղադրեց հայամէտ կողմնակալութեան մէջ, եւ ըսաւ, որ պիտի չմասնակցի Պրուքսէլի՝ համաձայնուած ձեւաչափով հանդիպման։
«Ինչպէս գիտէք, մենք Ատրպէճանին ներկայացուցինք յարաբերութեանց կարգաւորման կամ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին վերաբերեալ մեր առաջարկները, որոնց պատասխանները միայն երէկ ստացանք։ Այսպիսով, քննարկումները կը շարունակուին։ Յուսով ենք, որ այս հարցին շուրջ համաձայնութեան կու գանք հնարաւորինս շուտ։ Այս գործընթացին մէջ կարեւոր դեր կրնան ունենալ նաեւ մեր միջազգային գործընկերներուն միջնորդական ջանքերը»,- եզրափակեց Արտաքին գործոց նախարարը։
https://en.armradio.am/2022/11/28/armenia-ready-for-a-quadrilateral-meeting-foreign-minister-says/