ՖԻՏԷ-ի ճատրակի 2022-ի թարմացուած վարկանշային ցուցակը կը գլխաւորէ Ռուսաստան, որուն կը յաջորդեն ԱՄՆ, Չինաստան, Ուքրանիա եւ Հնդկաստան: Հայաստան կը զբաղեցնէ 10-րդ տեղը: ՖԻՏԷ-ն հրապարակած է 1992 թուականէն ետք ծնած բոլոր գրոսմայսթերներուն վարկանշային աղիւսակը: Առաջին տեղը կը գրաւէ Ռուսաստան՝ 37 գրոսմայսթերներով, Հնդկաստան՝ 35, ԱՄՆ՝ 19, Չինաստան՝ 17, Ուքրանիա՝ 15: Հայաստան Գերմանիոյ հետ կը բաժնէ 6-7-րդ տեղերը: Երկու երկիրներն ալ ունեցած են 11 գրոսմայսթեր: Յատկանշական է, որ իբրեւ երեք միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկիր՝ Հայաստան կը համարուի ճատրակի մէջ հզօրագոյններէն՝ դասուելով մէկ շունչի հաշուով ամենաշատ գրոսմայսթեր ունեցողներու շարքին:
Ամբողջական նիւթը՝ «Arka.am»-ի մէջ՝
http://arka.am/en/news/sport/armenia_shares_6th_7th_places_in_ranking_of_gms_born_after_1992/