Հայաստանի բռնցքամարտի ֆետերասիոնը յայտարարած է, որ Դեկտեմբեր 16-ին Երեւանի «Տինամօ» մարզահամալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ բռնցքամարտի խմբային միջազգային մրցաշարը, որուն պիտի մասնակցին Հայաստանի, Իրանի, Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի հաւաքականները: Բռնցքամարտիկները հանդէս պիտի գան բոլոր 13 քաշային կարգերուն մէջ: Մասնակից երկիրներէն Հայաստան եւ Ուքրանիա պիտի ներկայացուին երկու խումբվ: Հայաստանի ազգային հաւաքականի կազմը հնարաւորութիւն պիտի տայ նոր մարզիկներու՝ մասնակցելու եւ փորձառութիւն ձեռք բերելու այս մրցաշարէն:
Ամբողջական լուրը կարդալ «1lurer.am»-ի մէջ՝