Արտասովոր ճամբորդութեան փառատօնը տեղի կ'ունենայ Երեւանի մէջ 14-16 Հոկտեմբեր 2022-ին: Մրցանակակիր ճամբորդական լուսանկարիչ, կայքագիր ու բեմադրիչ Ռիք Կազարեան եւ հրապարակախօս Ստեֆան Քրասոուսքի համատեղ յայտարարութիւն կատարած են՝ ընդգծելով, որ Հայաստան ճանչցուած է «Աշխարհի ժառանգութեան լաւագոյն ուղղութիւն 2021»:
Փառատօնին ներկայ կ'ըլլան աշխարհի աւելի քան 300 ամենայաւակնոտ խուզակները: Քրասոուսքի կը նշէ. «Մենք կը փորձենք բացայայտել եւ ուսումնասիրել որոշակի փորձեր ու պարզապէս զարմանալ անոնցմով, զորս չէինք ակնկալեր»:
Աւելի քան 40 խօսնակներ բեմ դուրս կու գան կամ կը վարեն բեկումնային նիստեր՝ խօսելով իրենց արտասովոր ճամբորդական փորձառութիւններուն մասին: Հետախոյզներու շարքին կ'ըլլան ճանապարհորդներ, որոնք կ'երազեն երթալ դժուար ուղղութիւններով, ինչպիսիք են՝ Լիպիան եւ Իրաքը, ինչպէս նաեւ այլ ծայրայեղ ուղղութիւններ, ինչպիսին է՝ Անթարքթիքան: Միւսները կը պատմեն, թէ ինչպէ՛ս իրականացուցած են անկարելին, օրինակ՝ Լոնտոնէն Քեյփթաուն քալելը կամ Միքրոնեզիոյ հեռաւոր կղզին ապրիլը:
Ամբողջական նիւթը կարդալ «armradio.am»-ի մէջ՝
https://en.armradio.am/2022/01/03/armenia-to-host-inaugural-extraordinary-travel-festival/