Search
Close this search box.

Հայաստան պաշտպանութեան պիւտճէն պիտի աւելցնէ յիսուն տոկոսով

Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան անդամ Բաբգէն Թունեան ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ տեղեկացուցած է, որ պաշտպանութեան ուղղուող ծախսերը շեշտակի պիտի աւելնան։

«2023 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծով կը նախատեսուի պաշտպանութեան, հասարակական կարգի, անվտանգութեան եւ դատական գործունէութեան ոլորտին յատկացնել 708,6 միլիառ դրամ՝ 2021 թուականի 518,6 միլիառ դրամի դիմաց։

Յատկացումները աւելցած են 190 միլիառ դրամով կամ 37%-ով»,-ըսուած է գրառումին մէջ։ Պատգամաւորը նաեւ նշած է, որ լրացուցիչ ֆինանսաւորումը հիմնականօրէն պիտի ուղղուի ռազմական պաշտպանութեան ոլորտին, ինչպէս նաեւ հասարակական կարգի եւ անվտանգութեան, ազգային անվտանգութեան, դատական գործունէութիւն եւ իրաւական պաշտպանութեան ապահովման: «Աւելի ստոյգ, միայն ՀՀ պաշտպանութեան ապահովման պիւտճէն 2023-ին կը նախատեսուի աւելցնել 47,2%-ով կամ 160,7 միլիառ դրամով։ Ուստի 2023-ին ՀՀ պաշտպանութեան ապահովման պիւտճէն կը կազմէ 501 միլիառ 285 միլիոն դրամ»,- յաւելած է ան։

Հօդվածի աղբիւրը՝ PanARMENIAN.Net

https://panarmenian.net/m/eng/news/302813

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *