Search
Close this search box.

Հայաստանը խաղաղութեան կը ձգտի, եթէ Ատրպէճանը ետ քաշուի եւ դադրեցնէ յարձակումները. դեսպան

Եթէ Ատրպէճանը անյապաղ դուրս գայ իր բռնագրաւած հայկական ինքնիշխան տարածքէն եւ խոստանայ դադրեցնել յետագայ յարձակումները, ապա ճանապարհ կրնայ բացուիլ դէպի համապարփակ խաղաղ կարգաւորում, ըսած է Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեանը՝ «The Jerusalem Post»-ին հրապարակած յօդուածին մէջ:

Ատրպէճանը կը ցանկայ վերացնել Հայաստանն ու հայկական ինքնութիւնը. դեսպանը ըսած է, որ «Ատրպէճանի դպրոցական համակարգին մէջ երեխաներուն կը սորվեցնեն ատել հայերը։ 9-էն 10 տարեկաններու դպրոցական դասագրքերուն մէջ պատկերուած է, թէ ինչպէ՛ս երիտասարդ աղջիկը կացինով կը սպանէ հայ զինուորը։ Զաւեշտալի է, որ կացինով մարդասպանը, որ հունգարական դատարանին կողմէ դատապարտուած էր Պուտափեշտի մէջ՝ քնացած հայ գործընկերը գլխատելու համար, Ատրպէճանի մէջ ազգային հերոս է: Ուստի, ինչպիսի՞ խաղաղութեան կը ձգտի Ատրպէճանը», ըսած է ան:

«Անիկա կը շարունակէ հրապարակել քարտէսներ, որոնց մէջ Հայաստանի հարաւը կը ցուցադրուի որպէս Ատրպէճանի մաս։ Հայաստանը հաստատած է, որ իր ճանապարհային ցանցը բաց պիտի ըլլայ երկու երկրներուն միջեւ փոխադրումներու համար, սակայն ատիկա պիտի չհանդիսանայ արտատարածքային միջանցք մը, զոր Ատրպէճանին համար կրնայ հանդիսանալ յետագայ յարձակումներ կատարելու ենթահող»: «Խաղաղութիւն ցանկալու Ատրպէճանի պնդումները խարխլեցան նախագահ Ալիեւի՝ դեկտեմբեր 7-ին Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած հանդիպումը տապալելուն պատճառաւ, որ նախատեսուած էր վարչապետ Փաշինեանի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի միջեւ»,- գրած է դեսպան Ներսէսեանը։ «Սակայն նոյն՝ չորս առաջնորդները հանդիպած էին Փրակի մէջ հոկտեմբեր ամսոյն եւ պայմանաւորուած էին, որ քառակողմ ձեւաչափը դարձեալ պիտի կիրառուի Պրիւքսէլի մէջ։ Հայաստանը լիովին հաւատարիմ կը մնայ խաղաղութեան օրակարգին: Եթէ Ատրպէճանը լրջօրէն վերաբերի խաղաղութեան, ապա զայն արտացոլելու միակ միջոցը բանակցութիւններու սեղան վերադառնալն է՝ անկէ խուսափելու պատրուակներ գտնելու փոխարէն»,- եզրափակած է ան։

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *