ԵԱՀԿ 29-րդ նախարարաց ժողովի շրջանակէն ներս՝ դեկտեմբեր 1-ին, Լեհաստանի Լոծ քաղաքին մէջ հանդիպեցան Հայաստանի եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարները: Անոնք քննարկեցին երկու երկրներուն յարաբերութիւններն ու տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերը։
Արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ Արարատ Միրզոյեանը Յունաստանի իր գործընկերոջ Նիքոս Տենտիասին բացատրած է Երեւանի դիրքորոշումը հայ-ատրպէճանական յարաբերութեանց կարգաւորման եւ Արցախեան հիմնախնդրի իրավիճակին վերաբերեալ։
Միրզոյեանը ընդգծած է, որ ատրպէճանական կողմի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը եւ սահմանային վերջին սադրանքները կը սպառնան տարածաշրջանային անվտանգութիւնը։
Երկու նախարարները քննարկած են նաեւ հայ-թրքական յարաբերութեանց կարգաւորման բանակցութիւնները։
Ի դէպ, ԵԱՀԿ-ի կեդրոնական որոշումներ կայացնող եւ կառավարող մարմինը Նախարարաց խորհուրդն է: Տարեկան այս հանդիպումը արտաքին գործոց նախարարներուն համար հնարաւորութիւն մըն է՝ վերանայելու եւ գնահատելու Եւրատլանտեան եւ Եւրասիական տարածքներուն անվտանգութեան իրավիճակը, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան աշխատանքը՝ իր գործունէութեան բոլոր ոլորտներէն ներս: