Յառաջատար արհեստագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան Պանկլատէշի գործընկերային պատուիրակութիւնը Հոկտեմբեր 29-էն Նոյեմբեր 4 ժամանած է Հայաստան՝ քննարկելու մայրաքաղաք Տաքքայի մէջ «Արմաթ» ճարտարագիտական աշխատանոց բանալու հարցը: Աշխատանոցին բացումը կը նախատեսուի իրականացնել 2022 թուականի գարնան՝ Տաքքայի Ռազմաօդային դպրոցին մէջ՝ DIP (Development Innovation Platform) հիմնադրամին հետ գործակցաբար: ԱՏՁՄ-ը մեկնարկած է հայկական կրթական համակարգը արտահանելու գործընթացը տարիներ առաջ՝ գրանցելով գործնական յաջողութիւններ եւ բանալով «Արմաթ» աշխատանոցներ նախ Հնդկաստանի, ապա այժմ՝ Պանգլատէշի մէջ։ Յատկանշական է, որ ներկայիս Հայաստանի (ներառեալ՝ Արցախ), Վրաստանի եւ Հնդկաստանի մէջ կը գործէ մօտ 600 «Արմաթ» ճարտարագիտական աշխատանոց, ուր շուրջ 15000 ուսանող կը ստանայ ճարտարագիտական անվճար կրթութիւն:
Ամբողջական լուրը կարելի է կարդալ «Հայաստանի հարնային ռատիոկայան»-ի մէջ՝