Հայերէն գիրքերու անկիւն մը բացուած է Հոլանտայի Ամսթիլուինի քաղաքային գրախանութին մէջ:
Յունիս 13-ին դեսպան Տիգրան Բալայեան այցելեց քաղաք, հանդիպում ունեցաւ քաղաքապետ Չափքօ Փոփենզի եւ քաղաքային խորհուրդի անդամ Տաւրոս Ասլանեանի հետ:
Հանդիպումին քննարկուած են ապակեդրոնացուած համագործակցութեան հնարաւորութիւններն ու Ամսթիլուինի հայ համայնքի գործունէութեանց վերաբերող հարցեր:
Դեսպան Տիգրան Բալայեան մասնակցեցաւ «Bright Future» հիմնադրամի նախաձեռնած հայ գիրքի անկիւն բացման արարողութեան: Ողջոյնի խօսքին մէջ դեսպան Բալայեան յոյս յայտնեց, որ այս օրինակը կը տարածուի ամբողջ երկրին մէջ:
Ամբողջական լուրը՝ Armradio.am.