Եունեսքոյի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան միջկառավարական յանձնաժողովի 17-րդ նստաշրջանը կը հիւրընկալէ Մարոքի Թագաւորութիւնը՝ Ռապաթի մէջ 2022 թուականի նոյեմբեր 28-էն դեկտեմբեր 3-ը։ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ Հայաստանը պիտի մասնակցի յանձնաժողովին նիստին: Այս ամէնամեայ հաւաքին պիտի մասնակցին Համաշխարհային ժառանգութեան վճիռի անդամ երկիրները, հասարակական կազմակերպութիւններ, մշակութային հաստատութիւններ եւ այլ շահագրգռուած կողմերու ներկայացուցիչներ: Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը ներկայացնէ Եունեսքոյի մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչի տեղակալ Օ. Դաւթեանն ու նախարարութեան ներկայացուցիչ Ն. Քիլիչեանը։ Նստաշրջանի օրակարգային կարեւոր հարցերէն մէկն է տարբեր երկրներէ գրանցման համար ներկայացուած 50 յայտերու քննարկումը։