Search
Close this search box.

Հայ բեմադրիչին «Գիւղը որ կանգնի» շարժապատկերը պիտի ցուցադրուի Պրեսթի եւրոպական կարճամեթրաժ ֆիլմերու փառատօնին

Պետական ​​դրամամիջոցներով կեանքի կոչուած Օֆելիա Յարութիւնեանի «Գիւղը որ կանգնի» շարժապատկերը ընդգրկուած է Պրեսթի եւրոպական կարճամեթրաժ ֆիլմերու փառատօնին՝ «Աշխարհի կանայք» ցուցադրութեան շրջանակներէն ներս, յայտնած է Հայաստանի ազգային շարժապատկերներու կեդրոնը:
Այս փառատօնը երկրորդ ամէնէն մեծ կարճամետրաժ ֆիլմերու փառատօնն է Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի մէջ, որ տեղի կ’ունենայ ամէն տարի նոյեմբերին։
Շարժապատկերին բեմադրիչն ու բեմագիրը Օֆելիա Հարութիւնեանն է, արտադրողը՝ Նարէ Լէոնի Տէր Գաբրիէլեանը, համարտադրողը՝ Լիտիա Ինճովան (Պելճիքա), իսկ արտադրող ընկերութիւնը՝ «Ֆերմաթա ֆիլմ»-ը։
Դերակատարութեամբ՝ Նանոր Պետրոսեանի, Լիանա Վարդանեանի, Անի Խաչիկեանի, Աստղիկ Ապաճեանի, եւ Սիրանոյշ Բարսեղեանի:
Համարտադրող երկրներ՝ Պելճիքա, ԱՄՆ, Ֆրանսա:

https://armenpress.am/eng/news/1098029.html

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *